Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (4 Յունուար 2025)

Յունուար 4, 2025
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ

Մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներու ուշադրութեան կը յանձնենք, որ այս տարի Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցը կը զուգադիպի կիրակի օր: Հետեւաբար, հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնն ու կանոնները նկատի առնելով, կիրակի, 5 յունուար 2025-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ սուրբ պատարագ ՊԻՏԻ ՉՄԱՏՈՒՑՈՒԻ, այլ միայն ժամերգութիւն պիտի կատարուի` առաւօտեան ժամը 9:00-ին: Երեկոյեան ժամը 4:00-ին սկիզբ պիտի առնէ Ճրագալոյցի արարողութիւնը, իսկ ժամը 5:00-ին պիտի մատուցուի Ճրագալոյցի սուրբ եւ անմահ պատարագը:

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ

Երկուշաբթի, 6 յունուար 2025-ին, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան, Մկրտութեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:

Պիտի պատարագէ եւ հայրապետական իր պատգամը ուղղէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ժամերգութիւն`              ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ`              ժամը 10:00-ին
Ջրօրհնէք`                  ժամը 11:00-ին
Քարոզ`                          ժամը 11:30-ին

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն` ներկայ գտնուելու սուրբ պատարագին, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:

ԾԱՆՕԹ

Սուրբ պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի վեհարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ ժամը 13:30, եւ երեկոյեան ժամը 16:00-19:00. իսկ յաջորդ օր` երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ ժամը 13:00:

ՄԵՌԵԼՈՑԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Երեքշաբթի, 7 յունուար 2025-ին, ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿին սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 6 յունուար 2025-ին

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ իր պատգամը փոխանցէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

Սկիզբ ժամերգութեան`   ժամը 9:00-ին
Ս. պատարագ`              ժամը 10:00-ին
Ջրօրհնէք`                  ժամը 11:30-ին

Սիրով կը սպասենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, որպէսզի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար հռչակենք Ս. Ծննդեան աւետիսը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

————————————–

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով երկուշաբթի, 6 յունուարին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎՐԴ. ՔԻՒՐԻՒՄԵԱՆ

– Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
– Ս. պատարագ`            ժամը 9:45-ին
– Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ ջրօրհնէք:

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ օրուան խորհուրդին:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ
ՊԱՏԱՐԱԳ` ՆՈՐ ՄԱՐԱՇԻ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

 

Երկուշաբթի, 6 յունուար 2025-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՎՐԴ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Սկիզբն ժամերգութեան`  ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ`              ժամը 9:30-ին
Քարոզ`                          ժամը 10:30-ին
Ջրօրհնէք`                  ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

————————————–

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երկուշաբթի, 6 յունուար 2025-ին, Ս. Ծննդեան պատարագէն անմիջապէս ետք, առաջնորդ սրբազանն ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:

Այնուհետեւ կը հրաւիրենք ձեզ ներկայ գտնուելու երեկոյեան ժամը 7:30-9:00-ի միջոցին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունենալիք, Ս. Ծննդեան ընդունելութեան:

Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի

————————————–

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի երկուշաբթի, 6 յունուար 2025-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ ընդունելութեանց դահլիճին մէջ, Մեքսիք փողոց, Պէյրութ:

————————————–

ՍՏԱՑԱՆՔ

 

. «ԱՍՏՈՒԱԾԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ»

(Փիլիսոփայական Ակնարկ)

Հեղինակ` ՍԱՐԳԻՍ ՔԷՀԵԱԵԱՆ

Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս 2024

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 187

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սուրբ Ծննդեան Արհաւիրք

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (19 Օգոստոս 2025)

Օգոստոս 19, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (18 Օգոստոս 2025)

Օգոստոս 18, 2025
Յայտարարութիւններ

Մամլոյ Արձակուրդ

Օգոստոս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?