Հինգշաբթի գիշեր, Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցաւ Իտալիոյ գերբաժակի կիսաւարտականի առաջին մրցումը, ախոյեան Ինթեր Միլանի եւ Աթալանթայի միջեւ:
Շատ հետաքրքրական այս մրցումին ներկայ էին մօտ 17 հազար համակիրներ. նետերլանտցի աջ կողմի պաշտպան Տենզել Տումֆրիզ եղաւ մրցումին հերոսը` նշանակելով երկու կոլ:
Առաջին կիսախաղին Ինթեր Միլան աւելի տիրապետեց, բայց կոլեր չնշանակուեցան: Թաքթիքով հարուստ մրցումին 49-րդ վայրկեանին, քոռնըրէ մը ետք, գնդակը հասաւ Տումֆրիզի, որ կռնակը բերդին ստիպուեցաւ տապըլ քիքի նման հարուածով մը նշանակել առաջին կոլը: Կասփերինի փոփոխութիւններ կատարեց հաւասարութեան կոլը նշանակելու համար, սակայն նոյնինքն Տումֆրիզ 61-րդ վայրկեանին արդիւնքը բարձրացուց 2-ի:
Մօտ 10 վայրկեան ետք Էտերսոն կրցաւ կոլ մը նշանակել, սակայն ՎԱՐ-ը չվաւերացուց զայն օֆ-սայտի պատճառով: Առանց Մաթէօ Ռեթեկիի (վիրաւոր), Աթալանթայի յառաջապահ գիծը չկրցաւ վտանգել Ինթերի բերդը, որ հասաւ աւարտական մրցում` սպասելով Եուվենթուս – Ա. Սէ. Միլան մրցումին յաղթականին:
Անգլիոյ մէջ այսօր կը շարունակուին «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումները, ուր կը սկսին 20-րդ հանգրուանի մրցումները:
Դարձի առաջին մրցումներուն «սպասուած մրցում»-ը սկզբունքով պէտք է ըլլար վաղը տեղի ունենալիք Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումը:
Լիվըրփուլ 45 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ 22 կէտ հաւաքելով կը գրաւէ 14-րդ դիրքը:
«Փրեմիեր լիկ»-ի գծով վերջին անգամ 2022-ի օգոստոսին Մանչեսթըր Եունայթըտ յաղթած էր Լիվըրփուլին, Էրիք Թեն Հակի առաջին մրցումներուն: Անկէ ետք Թեն Հակ սկսած էր խումբին անդամները արմատախիլ ընել, ինչ որ պատահեցաւ այդ օրերու մարզիկներուն, որոնցմէ Սանչօ, Մաքթոմինէյ, Վարան Տը Խէա եւ Ֆրետի նման մարզիկներ հեռացան խումբէն:
Առնը Սլոթ, որ փոխարինած էր գերմանացի մարզիչ Եուրկըն Քլոփը, շատ լաւ ժամանակ կ՛ունենայ Լիվըրփուլի հետ, որ մարզիկներու հետ համերաշխութիւնը լաւապէս կ՛արտացոլացնէ դաշտին վրայ: Սլոթ նոյնիսկ շահած է Սալահի համակրանքը, որ կրնայ պատճառ դառնալ անոր պայմանագրութեան երկարաձգման:
Ստորեւ` 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Թոթենհամ – Նիւքեսըլ
Պորնմաութ – Էվըրթըն
Ասթոն Վիլա – Լեսթըր Սիթի
Քրիսթըլ Փելես – Չելսի
Մանչեսթըր Սիթի – Ուեսթ Համ
Սաութհեմփթըն – Պրենթֆորտ
Պրայթըն – Արսենալ
ՎԱՂԸ
Ֆուլհեմ – Իփսուիչ Թաուն
Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Վուլվզ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, 5-րդ դիրքը գրաւող Ֆիորենթինա պիտի հիւրընկալէ Բ. դիրքը գրաւող Նափոլին: Վերջին երկու տարիներուն հաւասարութեամբ աւարտած մրցումը, մինչ Նափոլիի դաշտին վրայ ելոյթը Նափոլիի յաղթանակով աւարտած էր անցեալ եղանակին:
Մայրաքաղաք Հռոմի տերպիի մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, ուր Ա. Էս. Ռոմա պիտի հիւրընկալէ Լացիոն` ժամը 21:45-ին:
Ստորեւ` 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Վենեցիա – Էմփոլի
Ֆիորենթինա – Նափոլի
Վերոնա – Ուտինեզէ
ՎԱՂԸ
Մոնցա – Քալիարի
Լեչէ – Ճենովա
Թորինօ – Փարմա
Ա. Էս. Ռոմա – Լացիօ Ռոմա