Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եու. Էֆ. Սի. 311. Ծառուկեան – Մախաչեւ Մրցումէն Արձագանգներ

January 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի տիտղոսին համար մրցումը, որ իրար դէմ պիտի հանէ տիտղոսակիր Իսլամ Մախաչեւը եւ հայ մրցակից Արման Ծառուկեանը, արդէն իսկ կը նկատուի «Եու. Էֆ. Սի. 311»-ի կարեւորագոյն ելոյթներէն մէկը:

«Մեր առաջին մենամարտէն ետք ես գիտցայ, թէ ի՛նչ մակարդակ ունի Արմանը: Կը կարծեմ, որ կրնամ անոր յաղթել մրցումի աւարտէն առաջ: Օլիվէյրայի հետ մրցումին, Չարլզ ամէն ռաունտի կը փորձէր խեղդել զինք: Ես համոզուած եմ, որ իմ վարպետութիւնս շատ աւելի է, քան Օլիվէյրայինը, բան մը, որ ինծի կրնայ օգնել առանց իրաւարարին նոյնիսկ յաղթելու մրցումին», ըսաւ ինքնավստահ Մախաչեւ:

Նշենք, որ «Եու. Էֆ. Սի. 300»-ի գծով Ծառուկեան-Օլիվէյրա մրցումին Ծառուկեան կէտերով յաղթած էր նախապէս ախոյեան Չարլզ Օլիվէյրայի, որմէ ետք դասուած էր թիւ 1` «Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի դասաւորման մէջ:

28 տարեկան Արման 25 մրցումներու ընթացքին կրած է 3 պարտութիւններ, որոնց վերջինը` 2022-ին լեհ Մաթէոշ Կամրոթի դէմ, որ այժմ 8-րդ դիրքի վրայ կը գտնուի:

33 տարեկան Մախաչեւ 27 մրցումներ կատարած է եւ 1 պարտութիւն կրած 2015-ին Ատրիանօ Մարթինսէն (Պրազիլ): 2019-ին ան կէտերով միայն կրցաւ պարտութեան մատնել Արման Ծառուկեանը, որ իր ասպարէզի 15-րդ մրցումը կը կատարէր, մինչ Մախաչեւի 18-րդ մրցումն էր:

Այդ օրուան իրաւարար Ճոն Մաքարթի վերջերս տուաւ իր կարծիքը 18 յունուարին տեղի ունենալիք մրցումին մասին: «Անոնց առաջին մենամարտը շատ լաւ էր: Երկուքն ալ ժամանակի ընթացքին աւելի լաւ մարտիկներ եղած են: Ծառուկեան կրնայ խնդիրներ ստեղծել Մախաչեւի համար: Վրէժի այս մրցումը «Եու. Էֆ. Սի.»-ի սիրահարներուն համար շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի համակիրներուն համար», ըսաւ Մաքարթի:

Մինչեւ այս ելոյթը, 33 տարեկան Մախաչեւ երեք անգամ յաջողութեամբ պաշտպանած է իր տիտղոսը, մինչ 28 տարեկան Ծառուկեանի համար այս ճակատումը պիտի ըլլայ իր ասպարէզի ամէնէն կարեւոր մրցումը, ուր բնաւ տիտղոսի համար չէ մրցած:

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Էտուըրտծ Ձախողեցաւ Եւ Մինեսոթա Պարտուեցաւ Պոսթըն Սելթիքսէն

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ինթեր Միլան – Աթալանթա 2-0

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.