Դամասկոսի կառավարիչ Մահեր Մարուան յայտնեց, որ Իսրայէլ կրնայ Դամասկոսի մէջ վարչակարգի փոփոխութենէն ետք կարգ մը «խմբաւորումներու» պատճառով մտահոգուած ըլլալ, «երբ յառաջխաղացք արձանագրեց եւ ռմբակոծեց»:
Ան նշեց, որ այդ մտավախութիւնները «բնական» էին:
Մարուան Ամերիկեան պետական պատկերասփիւռին յայտնեց. «Սուրիան Իսրայէլի նկատմամբ որեւէ վախ չունի», եւ «խնդիրը Իսրայէլի հետ չէ»:
Ան նշեց, որ Դամասկոս «չի ձգտիր միջամուխ դառնալ որեւէ բանի, որ կը սպառնայ Իսրայէլի կամ շրջանին մէջ որեւէ այլ երկրի անվտանգութեան»` ընդգծելով. «Այս դիրքորոշումը նոր կառավարութեան քաղաքականութեան համահունչ է»:
Մարուան չէ անդրադարձած Կազայի մէջ պատերազմին` նշելով, որ սուրիական կառավարութեան առաջնահերթութիւնները շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վրայ կը կեդրոնանան:
«Սուրիացի ժողովուրդը խաղաղութեան կը ձգտի եւ տագնապներ չ՛ուզեր», շեշտեց Դամասկոսի կառավարիչը: