Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

April 28, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ հանդիպում մը ունեցաւ իրեն հետ նախագահական ապարանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց նախագահին, որ իր կատարած այցելութիւններուն ճամբով Լիբանանի ներկայութիւնը եւ դերակատարութիւնը կը շեշտէ միջազգային համայնքին մէջ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ու լիբանանեան սփիւռքի յարաբերութիւնը եւ գործակցութիւնը աւելի կ՛ամրապնդէ: Խօսելով Լիբանանի ներքին կացութեան մասին` վեհափառը ուրախութեամբ ողջունեց ապահովութեան ու կայունութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ միասնականութեան խորացման գծով առնուող քայլերը` նախագահին աշխատանքով: Վեհափառը անդրադառնալով ապրիլ 24-ին յիշեցուց հանրապետութեան նախագահին, որ հայ ժողովուրդը կը պայքարի արդարութեան համար եւ մտահոգութեամբ կը հետեւի շրջանին մէջ Թուրքիոյ թափանցումներուն: Երեւոյթ մը, որ վտանգաւոր է ամբողջ շրջանին համար: Ապա վեհափառը տեղեակ պահեց նախագահը, որ յառաջիկայ օրերուն հովուական այցելութեամբ պիտի մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ապա Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, եւ այս առիթով նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պատասխանատուներու հետ:

Հանրապետութեան նախագահը իր ուրախութիւնը յայտնեց վեհափառին կատարած արժեւորումին ու գնահատանքին գծով` իր կարգին շեշտելով արտաքին աշխարհին հետ Լիբանանի յարաբերութեանց կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը: Այս առիթով նախագահը նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան ու անոր բերած կարեւոր նպաստին` Լիբանանի ծաղկման եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն: Յայտնենք, որ հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր ու յատկապէս քննարկումի ընթացքին մէջ եղող ընտրական օրէնքը:

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Աղբալերան Հրդեհին Ծուխը Կ՛Ապականէ Նաեւ Մերձակայքը. «Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Կապ Չունի Պատահած Հրդեհին Հետ Եւ Պետութիւնը Պատասխանատու Է Քողազերծելու Դէպքին Իսկական Պատճառը» Ըսաւ Քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան

Յաջորդը

Մոռնինկսթար Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Պաշտօնի Թեկնածու

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.