ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԷԶԵԱՆ
1880-ական թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող մտաւորականներ, գիտնականներ, բժիշկներ, փաստաբաններ, համալսարանի ուսանողներ, ճարտարապետներ եւ բարձր ուսման տէր անձնաւորութիւններ սկսան պայքարիլ սուլթան Համիտին դէմ, որ բռնատիրական պայմաններով կ’իշխէր եւ աջ ու ձախ կը կոտորէր իր հակառակորդները…
Փարիզ եւ Սալոնիք-Յունաստան գտնուող երիտասարդներ, որոնց մէջ կային զանազան կրօններու եւ ցեղերու անդամեր, եւ որոնք օսմանական անձնաթուղթ կը կրէին, բազմաթիւ հաւաքներ եւ հանդիպումներ կատարելով՛ ստեղծեցին շարժում մը, որ կոչուեցաւ Երիտասարդ օսմանցիներ (young ottomans = yeni osmanhlar):
Այս շարժումը տարածուեցաւ այլ քաղաքներ եւ անուանափոխուելով` 1889 թուականէն ետք, կոչուեցաւ Երիտասարդ թուրքեր (young turks):
Այս շարժումը հակառակ էր սուլթան Ապտիւլ Համիտին ու անոր բռնատիրական վարչաձեւին եւ կը պահանջէր աւելի ժողովրդավարական եւ անկախ քուէարկութիւն:
Այս շարժումին մէջ կը գտնուէին զանազան ցեղերէ եւ կրօններէ գաղափարախօսներ:
Կային` ալպանացիներ, արաբներ, հայեր, թաթարներ, չերքեզներ, յոյներ, քիւրտեր եւ հրեաներ, որոնք կ’ապրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ:
Անոնց սկզբնական միութիւնը մէկ նպատակ ունէր` պայքարիլ սուլթան Համիտ Բ.-ի բռնատիրական կառավարութեան դէմ եւ պահանջել, մարդկային, ժողովրդավար, անկախ կառավարութիւն մը` եւրոպական երկիրներու նման:
Այս Երիտասարդ թուրքերու շարժումին մէջ կային նաեւ զանազան այլ անուններով կազմակերպութիւններ, որոնցմէ ամէնէն զօրաւորը Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէն եղած է (C.U.P= Committee of Union and Progress), որ բաղկացած է թեքնոկրատ, ժողովրդավարական, ազատական եւ զանազան խառն գաղափարական (ideologic) անձերէ: Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէին մաս կը կազմէին նաեւ Ապտիւլ Համիտի դէմ եղող զինուորական սպաներ, ուլեմաներ` մահմետական շէյխեր, մասոնական շարժումի անդամներ եւ հրեաներ:
Երիտասարդ թուրքերու շարժումը փորձեց զանազան պետական հարուածներ հասցնել Ապտիւլ Համիտի, բայց ձախողեցաւ եւ ստիպուեցաւ փախչիլ:
Փարիզի շարժումը 1906-ին միացաւ Մակեդոնիա-Սալոնիք Օսմանեան ազատութեան կազմակերպութեան հետ եւ այս ձեւով կրցաւ աւելի զօրաւոր շարժում ստեղծել… հակառակ անոր որ իրենց ձախող պետական հարուածին պատճառով, սուլթան Համիտ շատերը ձերբակալել տուած էր, շատերը` կախած եւ գնդակահարել տուած…
Պալքանեան պատերազմին իբրեւ հետեւանք՛ Օսմանեան կայսրութիւնը շատ մեծ տարածքներ կորսնցուց եւրոպական ճակատի վրայ եւ այլազգ գաղթականներու մեծ տեղափոխութիւններ ունեցաւ դէպի Պոլիս, Անատոլու եւ Կիլիկիա:
1912 թուականի պետական հարուածով, որ յաջողութիւն գտաւ՛ տապալելով սուլթան Համիտը, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէն տէր ու տիրականը դարձաւ. 1913 թուականին, զանազան ճակատներու վրայ պարտութիւններ կրելով՛ աւելի ծայրայեղ եղաւ եւ մղեց երկիրը դէպի Համաշխարհային Ա. պատերազմ` Գերմանիոյ կողքին:
Միութեան եւ յառաջդիմութեան կոմիտէին պատասխանատուները եղան` Էնվեր փաշան, Թալէաթ փաշան, Պեհաէտտին Շաքիրը եւ զանազան շէյխեր, որոնք երբ պատերազմի մտան Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ դէմ, ժիհատ՛ կրօնական պատերազմ հռչակեցին այդ քրիստոնեայ երկիրներուն դէմ…
Գերմանիան, որ նոյնպէս քրիստոնեայ երկիր էր, եւ որուն նպատակը միայն պատերազմը յաղթել էր, աչքը խփեց եւ գլուխը միւս կողմ դարձուց չնեղացնելու համար թուրքերը, որոնք իրենց յայտարարութիւններով ու վերաբերմունքով Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող քրիստոնեայ ցեղերուն հանդէպ վատ դրսեւորումներ ունէին (նկատելով զայն Օսմանեան կայսրութեան ներքին հարցեր):
Թէեւ յոյներ, հայեր ու ասորիներ մաս կը կազմէին Երիտասարդ թուրքերու շարժումին, բայց եւ այնպէս, սեպտեմբեր 1911-ին անջատուեցան Միութեան եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէէն, որովհետեւ հին խոստումները, որոնց իբրեւ հետեւանք ազատութիւն, ժողովրդավար եւ ազատ կրօնի պայմանները խախտելու սկսած էին, եւ 1909 թուականին Ատանայի մէջ եղած ջարդերը գէշ հետք ձգած էին:
Իր պատերազմական նոր կացութեան իբրեւ հետեւանք, կոմիտէն իր նախկին համաձայնութիւնները եւ խոստումները ոտնակոխելով, Ապտիւլ Համիտի «ճամբան բռնեց»:
Էնվեր փաշան, որ պատերազմի նախարար նշանակուած էր, Լիպիոյ իտալացիներուն դէմ ճակատ բացաւ եւ մեծ հարուած ստացաւ. ան որոշեց ռուսերուն դէմ Ենի Քամիշիի մէջ կռուիլ եւ ձմրան այդ ցուրտերուն Կովկասի լեռներուն վրայ, առանց յատուկ պատրաստութիւններու, ամառնային զգեստներով եւ 100.000 զինուորներով յարձակեցաւ ռուսերուն վրայ եւ հակառակելով գերմանացի զօրավարներուն կարծիքին… հոն եւս մեծ պարտութիւն կրեց. զինուորներուն մեծամասնութիւնը, որոնց մէջ բազմաթիւ հայեր կային, ոչ զինուորական պատճառներով մահացան` ցուրտ, քոլերա, զանազան հիւանդութիւններ: Իր պարտութիւնը եւ արդարացնելու համար Էնվեր յայտարարեց, որ իր բանակի հայ զինուորները միացած էին Ռուսիոյ բանակի հայ զինուորներուն եւ կռնակէն հարուածած՛ իր զինուորները:
Այսպիսով, իրարանցում ստեղծուեցաւ թուրք ժողովուրդին մէջ, որոնք հակահայ զգացումներով եւ շարժումներով լեցուած, սկսան հալածել հայերը եւ քաջալերուած ուլեման շէյխերուն ժիհատի քարոզէն՛ յարձակումներ գործեցին հայ թաղերու եւ գիւղերու վրայ եւ այդպիսով սկսան քրիստոնեաներու դէմ պայքարը:
Նոյն ատեն ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշա հրաման տուաւ, որ բանտերէն ազատ արձակեն քիւրտեր ու զանազան թուրք ոճրագործներ անոնց խոստանալով, ազատութեան կողքին, տէր դառնալ հայերուն կալուածներուն, ազատօրէն բռնաբարել հայ կիներն ու աղջիկները, զանոնք գերի դարձնելով իրենց հաճոյքներուն: Այսպիսով, 10.000-է աւելի ոճրագործներ ազատ արձակուեցան եւ սկսան անպատիժ յարձակիլ հայ գիւղերու ու թաղամասերու վրայ:
Նոյն ատեն Պեհաէտտին Շաքիր (ջարդերու հրաման տուող), Շիւքրի պէյ (փոխադրութեանց եւ աքսորներու տնօրէն), Նազըմ պէյ (Միութեան եւ յառաջդիմութեան կոմիտէի քարտուղար եւ ցեղասպանութեան ճարտարապետ) կազմակերպեցին ներքին նոր շարժում մը, կապուած Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէին, որ կոչուեցաւ Յատուկ կազմակերպութիւն, որուն նպատակը եղաւ միայն հրամաններ տալ` հայ ժողովուրդին տեղահանութիւնները որոշելու եւ ջարդերը կատարելու…
Այս Յատուկ կազմակերպութիւն կոչուածը մանրամասնօրէն կը սերտէր հայերուն քաղաքէ քաղաք տեղափոխումը… եւ պէտք եղած բացատրութիւնները տալով` օտար դեսպաններուն կ’ըսէր, թէ հայերը ճակատի սահմաններէն կը հեռացնեն անոնց ապահովութեան համար:
Սեպտեմբեր 1911-ին չեղեալ նկատուեցան եւ խզուեցան այն դաշինքները, որոնք կնքուած էին Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէին եւ հայ կուսակցութիւններուն միջեւ:
1915 թուականին սկսան օրինաւոր ջարդեր` զանազան պատճառաբանութիւններով, որոնց հետեւանքը եղաւ 1.500.000 հայերու ոչնչացումը:
Անշուշտ գերմանացին կրկին իր աչքը խփելով եւ գլուխը միւս կողմ դարձնելով` ճշդեց, որ հայերուն հարցը «ներքին հարց» է, եւ ինքը անկարող է միջամտել:
Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի շարքերուն մէջ մտած էին ծայրայեղ այլազգ անձնաւորութիւններ, որոնք ժիհատի քարոզով մղեցին այդ ուղղութեամբ, եւ առիթը օգտագործելով, ուզեցին հայ ժողովուրդը բնաջնջելով` ազատիլ անկէ:
1889 թուականին, երբ Երիտասարդ թուրքերը միացան, ունենալով իրենց շարքերուն մէջ հայեր, ազերիներ, յոյներ, արաբներ, քիւրտեր եւ հրեաներ, իբրեւ նպատակ ունէին անկեղծ երեւոյթ մը` ստեղծել նոր եւ անկախ կազմակերպութիւն մը, ուր անկախութիւնը, ազատ կրօնը եւ մարդկային իրաւունքները պաշտպանուած մնային. մեր հայ կուսակցութիւնները այդ գծով, այն օրերուն աշխատանք տարին, որ նոր սերունդները կարենան հանգիստ եւ ազատ ապրիլ. մինչեւ 1911 հայերը իրենց խոստումները յարգեցին եւ նոյնիսկ 115.000 հայեր զինուորութեան յանձնեցին, որ պաշտպանեն Օսմանեան կայսրութեան սահմանները. մեծ խանդավառութեամբ եւ տհոլ-զուռնայով հայ կիներ իրենց ամուսինները, եղբայրները եւ զաւակները ճամբեցին՛ անոնց ընկերակցելով դէպի զօրանոցները, դժբախտաբար սակայն բոլորս լաւ գիտենք, թէ ի՛նչ վախճան ունեցան:
Եւ այս ցաւն ու վէրքերը երբեք չփակուեցան, տակաւին կը շարունակուին եւ կ’արիւնին 109 տարի ետք:
2024


