Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուիլսընեան Հայաստան. Գագաթ Մը, Որ Պէտք Է Նուաճել

Դեկտեմբեր 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

Նոյեմբեր 22-ին, ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի 104-ամեակն էր: 1920-ին էր: Այդ վճիռով կը գծուէին Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան` Թուրքիոյ հետ սահմանները: 1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածութիւնը 70 հազար քառ. քմ էր:

Իրաւարար վճիռով անիկա կ՛ընդարձակուէր եւ կը դառնար 180 հազար քառ. քմ, Հայաստանի արեւմտեան նահանգներէն Վասպուրականի, Տրապիզոնի, Կարնոյ եւ Պիթլիսի նահանգներէն բաժիններու կցումով: Հայաստան ծովային ելք կը ստանար այս իրաւարարութեամբ:

Մինչ այդ, 1920-ի սեպտեմբերէն, Թուրքիոյ «ապստամբ» քեմալական ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ թշնամական գործողութիւններու անցած էին: Իրաւարար վճիռի հրապարակումէն 10 օր ետք` 1920 դեկտեմբերի 2-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը երկրի ղեկը կը զիջէր խորհուրդներուն` պոլշեւիկներուն, որոնք դրան ետին կը սպասէին: Դեկտեմբերի 2-3 լուսցող գիշերը Ալեքսանդրապոլի (ներկայիս` Գիւմրի) մէջ կը կնքուէր հայ-թրքական պատերազմը դադրեցնող դաշնագիրը:

Ուիլսընեան Իրաւարար վճիռին նուիրուած յօդուածաշարք մը եւս հեղինակեց անխոնջ ուսումնասիրող Յարութիւն Չէքիճեան:

Յօդուածաշարքի 19-րդ բաժինը մեր ներկայ համարով լոյս կը տեսնէ: Յօդուածաշարի միտք բանին` 1920-ի նոյեմբերի 22-ին ստորագրուած եւ կնքուած ԱՄՆ նախագահի Իրաւարար վճիռը ուժի մէջ է, Մ. Նահանգները 104 տարի է իրաւականօրէն` տէ ժիւրէ, չեն ճանչնար Թուրքիոյ արեւելեան սահմանը, որ է` Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան սահմանը: Ըսելով, որ այս է միակ իրաւական, համաշխարհային ճանաչում ունեցող Հայաստանի սահմանը, զոր ոչ ոք կրնայ չեղարկել:

Ինչո՞ւ ցարդ չէ գործադրուած այս վճիռը. զինու, բիրտ ուժի հարկադրանքով, զոր արդի աշխարհը իրաւականօրէն չ՛ընդունիր: Որո՞նք տապալեցին զայն մինչեւ այսօր. այն նոյն ուժերը, որոնք 1919-ին պարտադրեցին Արցախին ճանչնալ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը, իսկ 1921-ին Արցախը, Նախիջեւանին հետ Ազրպէյճանի ենթակայութեան տակ դրին: Ի միջի այլոց, 1919-ի եւ 1921-ի դերակատարները տարբեր էին, առաջինը Բրիտանիան էր, երկրորդը` Խորհրդային Ռուսիան: Ա. Համաշխարհային պատերազմին պարտուած, արիւնաքամ եղած Թուրքիան վերակենդանացուցին գլխաւորաբար նոյն ուժերը:

Ցարդ Հայաստանի տարածքը, որքան կրցած են, սեղմած են: Եւ կ՛ուզեն ժողովուրդը համոզել, որ այդ սահմաններն են երկրի օրինական սահմանները: Մինչդեռ ապացուցուած է, որ այդ սահմանները պարտադրած է իշխող կայսերական ուժը, որմէ 1991-ին անկախացաւ Հայաստան:

Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւատէրն է այս Իրաւարար վճիռով սահմանուած երկրին: Սակայն անցեալ տասնամեակներուն եկող-գացող պետական ոչ մէկ պատասխանատու այդ օրակարգով առաջնորդուեցաւ ներքին թէ արտաքին ճակատին վրայ, նոյնիսկ` մինչեւ արցախեան ազատագրական պայքարի վերաճումը պատերազմի:

Պատճա՞ռը. մենք ի զօրու չենք Թուրքիոյ դէմ դնելու: Այս նոյն պատճառաբանութեամբ ալ հետագային մենք կորսնցուցինք Արցախը, իսկ բնակչութիւնը ցիր ու ցան եղաւ: Եւ եթէ շարունակենք այս տրամաբանութեամբ առաջ ընթանալ, վաղը պիտի չունենանք պետութիւն ալ, որ 1918-ի մայիսին դժուարութեամբ նուաճուեցաւ:

Այսօր կը գրենք այս տողերը, որովհետեւ կը հաւատանք` յաղթահարելի է այն ուղին որ մեզ պիտի հասցնէ խաղաղ նաւահանգիստ: Այս տեսլականով զինուած եւ զայն իրագործելու կամք ցուցաբերող կազմակերպ ուժն է, որ կարող է յաղթահարել թէ՛ քաոսը, թէ՛ երկրի ու արտերկրի մէջ առաջնորդել հայրենատիրական պայքարը:

Անցած աւելի քան երեսնամեակը ապացուցեց, որ խորհրդային օրինականութեամբ կաշկանդուած Հայաստանը չի կրնար դիմանալ: Եւ ազատագրուած Արցախը կորաւ: Կորաւ այն նոյն տրամաբանութեամբ, որ 1921-ին պարտադրուած սահմանները, Մոսկուայի եւ Կարսի թուրք-խորհրդային պայմանագիրները վաւերական են եւ անկէ դուրս չի՛ք օրինականութիւն:

Այդ տրամաբանութեամբ շարժած հանրապետական պաշտօնատարները, նախագահներէն սկսեալ, ամբողջ քաղաքական դաշտին հետ, արդեօ՞ք համոզուած էին, որ 29 հազար քառ. քմ տարածքով Հայաստանը կրնայ անկախ ապրիլ, զարգանալ կամ իր կամքը պարտադրել ու Արցախի պատկանելիութեան հարցը վճռել առանց անդրադառնալու ուիլսընեան Իրաւարար վճռին:

Այս մասին խօսիլը քմահաճութիւն չէ, ոչ ալ` պատասխանատուները պատին դէմ տալ: Ո՛չ: Ըմբռնումը, որով մենք կ՛առաջնորդուինք, ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ Է, Ո՛Չ ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ: Այն մարդիկ, որոնք երկրէն ներս թէ անկէ դուրս յայտ կը ներկայացնեն պատասխանատու պաշտօն վարելու, եթէ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ համար չեն գար, այլ` սոսկ իշխանական առաւելութիւններ վայելելու, թիւրիմացութեան մէջ են, ինչպէս` զիրենք այդ պաշտօններուն հասցնողները, ընտրողները:

Աշխարհ մեզի ժամանակ տուաւ ապացուցելու որ կենսունակ եւ զարգանալու ընդունակ ազգ ենք: Սպասուած ապացոյցը չտուինք: Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու` թանկագին ժամանակը վատնուեցաւ, ո՛չ միայն զինուժի, այլ նախ եւ առաջ պետական համակարգի առումով, որ պիտի պատասխանէր ազգի եւ երկրի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ձգտումներուն, նպատակներուն:

Երբ այսօր կը խօսուի Անկախութեան հռչակագրին մասին, անոր արժէքը, սահմանադրութեան կցուած ըլլալէն առաջ, պետականաշինութեան ուղեցոյց ըլլալն էր: Արդեօ՞ք ուղեցոյց եղաւ, արդեօ՞ք 1995-ին մշակուած եւ ընդունուած սահմանադրութիւնը Հռչակագրէն կը ներշնչուէր: Արդեօ՞ք 2015-ի Համահայկական հռչակագիրը պետութեան կառուցուածքը համապատասխանեցուց առաջադրուած նպատակներուն: Եթէ համապատասխան դարձնելու ջանք ըլլար, արդեօ՞ք աղէտալի 2018-ը կարելի կ՛ըլլար:

Ցարդ ներքին թէ արտաքին կեղծիքը, սուտը, երեսպաշտութիւնը նախընտրեցինք եւ հասանք հոն, ուր ենք այսօր` անդունդի եզրին:

Այսօր պահն է, որ կաշկանդումները յաղթահարենք, դուրս գանք ազատ տարածութիւն եւ գաղափարական հիմքով դաշնակցինք նախ մենք մեզի, գծենք մեր ուղին եւ ապա երկխօսութիւն կատարենք այլ ժողովուրդներու հետ: Աշխարհը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ բոլորին համար ալ, եւ բոլոր տեսակի իրաւունքները կը ստորադասուին բիրտ ուժին: Միջազգային դատարանի վճիռն իսկ կ՛արհամարհուի: Կամայականութիւնն է տիրողը, ուր ոչ ոք ապահովուած է հարուածի տակ իյնալէ:

Այս խելագարութիւնը պէ՛տք է վերջ գտնէ: Եւ ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ առանձին գլուխ բերել զայն, եթէ հասարակ յայտարարի մը շուրջ համաձայնութիւն չգոյանայ ժողովուրդներու միջեւ, եթէ իւրաքանչիւր ժողովուրդ չապահովէ իր կեանքի եւ ազատ զարգացման իրաւունքը:

Անվտանգ եւ արդար աշխարհ ստեղծելու դաւանանքը այս նպատակին շուրջ համակամութիւն յառաջացնելու գաղափարի ժողովրդականացումը պայքարի ձեւ մըն է, որ այսօր մասնակիօրէն կը գործէ:

Նոր աշխարհակարգը ըմբռնելի պիտի ըլլայ մտածումի եւ առաջադրանքներու մարդասիրական դաւանանքով, այլ ոչ թէ` ազդեցութեան գօտիներու վերաբաշխումով: Ժամանակն է, որ հազարամեակներ տեւող խաղը  փոխուի ի շահ բոլորին, նա՛եւ հայոց: Եւ ասոր համար կ՛արժէ աշխատիլ եւ զօրակոչի ենթարկել: Յոյսը աշխատանքէն կը ծնի, որ յստակ ուղղութիւն ունի:

 

 

Նախորդը

2024 Թուականի Աշխարհի Ամէնէն Հզօր Կիները

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Լիբանանեան-Ամերիկեան Ընկերային Ծառայութեան Համագործակցութեան Եւ Ընկերային Ծառայողներու Վերազինման Նուիրուած Ծրագիր

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Փոխան Գրախօսականի.  «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան
Անդրադարձ

Փոխան Գրախօսականի. «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?