ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Այո՛, մենք ալ, բոլոր գերզգայուն մարդոց նման, ի լուր Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ կայացած զինադադարի յուսադրիչ յայտարարութեան, արդարօրէն հարց կ՛ուզենք տալ, թէ անխնայ դաժանութեամբ իրարու արիւնը թափող դերակատարներու միջեւ մօտ տարիէ մը ի վեր մղուող կործանիչ ու քանդիչ պատերազմէն ու հազարաւոր անմեղ զոհերու թափած արեան հոսքէն ի վերջոյ կռուող կողմերուն ի՞նչ մնաց:
Առօրեայ կշռոյթով կատարուող իսրայէլեան յարձակումները Հըզպալլայի դիրքերուն վրայ իրենց կործանարար հետքը թողուցին` Լիբանանի տարածքին հազարաւոր կալուածներ փլատակի վերածելով ու նոյնքան մեծ թիւով անմեղ զոհեր խլելով, ինչպէս նաեւ` արդէն կաղացող տնտեսութիւն մը բոլորովին խորտակելով ու գետնին հաւասարեցնելով:
Ու այս պահուս կողմերը կ՛ընդունին, որ բարակ թելէ մը կախուած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի ջանքերով կեանքի կոչուած զինադադարը: Իսկ Կազայի ու Իսրայէլի սահմանին վրայ տեղի ունեցող երգահանդէսի մը ատեն արաբ կռուողներու ձեռամբ 1200 անմեղ հրեայ երիտասարդներու անտեղի ջարդը պատրուակ ծառայեց եւ կանաչ լոյս բացաւ Իսրայէլի վարչապետին առջեւ` Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու եւ տեղւոյն պաղեստինցի արաբ բնակչութիւնը կոտորելով ու տարագրելով անոր հողերուն տիրանալու:
Մինչեւ օրս միլիոնաւոր պաղեստինեան ծագումով արաբներ տեղահան եղան, ու 1200 անմեղ հրեաներու դիմաց` Կազայի կռիւներուն 45.000 արաբ բնակիչներ, մեծ մասամբ` անմեղ կիներ ու մանուկներ, իրենց կեանքը կորսնցուցին:
Ամէն ցեղի ու գոյնի համաշխարհային հասարակութիւնը իրապէս շշմեցաւ տեղի ունեցող կործանիչ բախումներուն ու նախճիրին ի տես: Առանց բացառելու, սահմանին միւս կողմը, իր կարգին, անմեղ լիբանանցի զանգուածներու Հըզպալլայի պատճառով կրած հոգեկան ու ֆիզիքական ահաւոր ցաւերն ու մարդկային կորուստները, իրենց կարգին, ոչ մէկ արդարացում ունէին, ու իրենց էութեամբ անտեղի էին:
Ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած լիբանանցիներուն ու տեղւոյն բնակչութեան մեծամասնութեան համար անհեթեթ կը թուին շարունակուող ընդհանրումներն ու գործադրուող կոտորած-ոճիրները, այդ մէկը գոյապայքար կոչենք, թէ ցեղասպանութիւն:
Ի տես տիեզերական տարողութեամբ մեր շուրջ տիրող սովի ու չքաւորութեան, ինչպէս նաեւ համաճարակներու, անգործութեան, բնութեան եղծանումին, կլիմայի վատթարացման, ջուրի ու ջրամբարներու ցամքումին, եւ ատոր իբրեւ հետեւանք հողագործութեան ու սննդամթերքի զգալի նուազման` կը սպասուի, որ գոնէ գերպետութիւնները ուշքի ու խելքի գալով` կտրականապէս կրճատեն զէնքի ու զինամթերքի, իմա` բանակի յատկացուած ու անտեղի կերպով վատնուած տարեկան այդ 2500 միլիառ կամ 2,5 թրիլիոն տոլարի գումարը ու զայն յատկացնեն երկրագունդի չքաւոր բնակչութեան կեանքի բարելաւման:
Զիրար կոտորելով, իրարու հողերն ու ստացուածքը սեփականացնելով, դրացի երկիրներուն ծաղկող ճարտարարուեստն ու կառոյցները քանդելով` ոչինչ պիտի շահի մարդկութիւնը: Տեսէ՛ք, պատմութեան ընթացքին քանի՜ քանի՛ կայսրութիւններ ու գերպետութիւններ կործանեցան: Ներկայ ընթացքով մարդկութիւնը կ՛արագացնէ իր երթը դէպի քանդում ու կործանում, դէպի` ոչնչացում…
Ա
րդէն գերպետութիւնները սկսած են իրարու դէմ Բ. Աշխարհամարտը յիշեցնող հիւլէական բախումներու սուրը ճօճել` համաշխարհային երրորդ պատերազնի ուրուականը ամէն առիթով իրարու երեսին նետելով:
Պահ մը հաշուենք, որ այդ գերպետութիւն կոչեցեալները իրարու վրայ հիւլէական կործանիչ ռումբերը արձակեցին: Հարց կու տանք` այդ բոլորէն ո՞վ պիտի շահաւոր ելլէ: Այո՛, այդ բոլորէն մարդկութիւնը ի՞նչ պիտի շահի. ԱՆԷԱՑՈ՞ՒՄ…
Ամէնուրեք մարդուս սիրտը ճմլող, սարսռազդեցիկ տեսարաններ` ամէն տարիքի մարդկային խլեակներու, առօրեայ մեր յաճախանքը կը դառնան: Ափսո՜ս, վասն ի՞նչ բանի, վասն ո՞ր արիւնարբու քաղաքական հոսանքի շիլ հաշիւներու ըմբոշխնման ու յետին նպատակներու գործադրման: Ամէն անկիւնադարձին, պարապ ամանները իրենց ձեռքերուն մէջ, կմախք դարձած, սոված մանուկներու շարաններ կարգի կանգնած են իրենց ընծայուելիք երկու շերեփ ապուրով ընտանիք պահելու համար: Տակաւին ի՜նչ սրտաճմլիք պատկերներ` մարդկային գազանութիւններու:
Կարծէք 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը կը վերապրի պաղեստինցի արաբը : Չենք հասկնար վասն ինչի՞ իրարու դէմ կը կիրարկուին անմարդկային խժդժութիւնները, չըսելու համար` անտառային վայրենութիւնները:
– Ո՜վ մարդկային հասարակութիւն, եկէք` խելքի՛ գանք…. Եկէք` մեր շրջապատէն վտարենք ռազմատենչ, արիւնարբու ղեկավարները ու զանոնք փոխարինենք խելահաս, հաւասարակշռուած, խելքը գլուխը, մարդասէր, մտաւորական ու աստուածավախ ղեկավարութեամբ:
Անգամուան մը համար առիթ տանք վերոնշեալներուն ու խնայենք տարեկան 2500 միլիառ տոլարը ու զայն յատկացնենք տարաբախտ մարդկութեան բարօրութեան ու ապականող երկրագունդի բնապահպանումին…
Ռիչմոնտ, Վիրճինիա
12/4/2024


