Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի «Ժողովրդավարութիւնը»

Դեկտեմբեր 18, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Ազրպէյճանի խօսքի ազատութեան հարուստ օրագրութեան ցանկերուն վրայ աւելցան անունները` Այնուր Ղանպարովայի, Այթաճ Ահմատովայի, Խայալա Աղայեւայի, Նաթիկ Ճաւալտիի եւ Այսէլ Ումուտովայի, որոնք ընդդիմադիր Մէյտան Թի Վիի հետաքննիչ լրագրողներէն են:

Պաքուի իշխանութիւններուն հրահանգով մէկ օրուան ընթացքին հինգ լրագրողներու ձերբակալութիւնը մեծ հարցականներ կը գծէ Ազրպէյճանի մէջ խօսքի ազատութիւններու յարգման եւ մարդու իրաւունքներու պահպանման մարզերուն շուրջ, մանաւանդ երբ ի մտի ունենանք, որ Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական պետութիւններ օրն ի բուն կը պահանջեն, որ յարգուին ընդդիմադիրներու իրաւունքները, եւ ազատ արձակուին այն բոլոր լրագրողները, որոնց ձերբակալութեան պատճառները մութ եւ կասկածելի բովանդակութիւն ունին:

Վերջին տուեալներուն համաձայն, Ազրպէյճանի մէջ արգելափակուած կը մնան աւելի քան երեք հարիւր քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց շարքերուն մէջ մեծ է թիւը ընդդիմադիր լրագրողներու: Կաշառքի, դրամ լուալու, պոռնկագրութեան, լրտեսութեան եւ այլ շինծու պատճառներով ձերբակալուած լրագրողներ ամիսներ արգելափակուած կը մնան առանց դատավարութեան: Ապա արագ եւ բեմադրուած դատավարութիւններու ընթացքին անոնք կը դատապարտուին բանտարկութեան, եւ վարագոյրը կ՛իջնէ կասկածելի դատավարութիւններու վրայ` Ազրպէյճանի մէջ առաւել խորացնելով մարդու իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութիւններու բաւական խոցելի վէրքը:

Երբ կը խօսինք Ազրպէյճանի մասին, առաջին հերթին մեր մտապատկերին վրայ կ՛ուրուագծուին բռնատիրական վարչակարգին նկատմամբ ազատ խօսքի եւ ժողովրդավար պետութիւններու իշխանութիւններուն սին խօսքերն ու զգուշացումները, որոնք դժբախտաբար կը մնան խօսքի սահմաններուն մէջ եւ ոչ մէկ կերպով գործնապէս կը թարգմանուին` զսպելու համար Ալիեւ բռնատէրը, անոր խամաճիկ իշխանութիւնները եւ պետական կառոյցները, որոնք անսալով բռնատէրին հրահանգներուն` ամբողջովին կ՛անտեսեն միջազգային ուխտերն ու այն բոլոր յանձնառութիւնները, որոնք ստանձնած են` իբրեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան անդամ: Բնականաբար ոչ մէկ պետութիւն խօսքէն գործի կ՛անցնի Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու համար, որովհետեւ ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներէն շատ աւելի ծանր կը կշռեն քաղաքական եւ տնտեսական շահերը, որոնք հազար թելերով կապուած են քաղաքական սակարկութիւններու, ակնկալութիւններու, ծրագրերու եւ յատկապէս ռազմաքաղաքական շահերուն` անհեթեթի թատրոն մը խաղալու վիճակին մէջ դնելով ժողովրդավար առաջատար պետութիւնները:

Ազրպէյճանի նախագահը բռնատէր մըն է: Որոշումի մայրաքաղաքները առիթ չեն փախցներ քննադատելու եւ նոյնիսկ սպառնական ոճի յայտարարութիւններ կատարելու Ալիեւի իշխանութիւններուն դէմ, որոնք նոյնիսկ չեն խպնիր եւ կը ձերբակալեն ընդդիմադիր լրագրող մը, որ յառաջիկայ շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի կողմէ պիտի ստանար յատուկ մրցանակ մը` հետաքննչական իր աշխատանքին համար: Ազրպէյճան ահաւասիկ այսքան լկտի քաղաքականութիւն մը կը վարէ եւ միջազգային ընտանիքին ասպարէզ կը կարդայ: Սակայն, ինչպէս նկատեցինք, ռազմաքաղաքական շահերը շատ աւելի ծանր կը կշռեն արդարութենէն:Այս իրողութիւնն ալ խարան մըն է յառաջադէմ եւ ժողովրդավար պետութիւններու ճակտին:

 

 

 

 

Նախորդը

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի Անուանակոչութիւն

Յաջորդը

Թուրքիայի Հետ Յարաբերութիւնների Կարգաւորումը Չի՛ Կարող Լինել Ուրացման Եւ Ինքնութիւնից Հրաժարման Ճանապարհով

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?