Մոսկուայի մէջ յստակ քաղաքական կամք կայ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծերու: Այս մասին «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հայկական ծառայութեան համաձայն, Երեւանի մէջ ընթացող հայ-ռուսական առողջապահական 9-րդ խորհրդաժողովի ժամանակ ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:
«Խորհրդաժողովը շատ պատասխանատու ժամանակաշրջանի մէջ տեղի կ՛ունենայ: Մեր երկիրները եւ մեր յարաբերութիւնները ամրութեան փորձարկման բարդ փուլ կ՛ապրին: Եւ այս պայմաններուն մէջ մեզի համար շատ կարեւոր է ոչ միայն պահպանել այն, ինչ որ մեզ կը միաւորէ, այլ նաեւ համագործակցութիւնը բարձրացնել նոր մակարդակի եւ յարմարեցնել նոր իրողութիւններուն», ըսած է ռուս դիւանագէտը:
Անոր համաձայն, առողջապահութեան ոլորտը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ փոխյարաբերութիւններու ընդհանուր համալիրին մէջ: Ատոր միաւորման հիմք են հասարակաց դպրոցը, հասարակաց մասնագիտական մտածելակերպը եւ հասարակաց խնդիրները:
16 դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ ընթացք առած է հայ-ռուական ամէնամեայ առողջապահական խորհրդաժողովը: Կը մասնակցին երկու երկիրներու առողջապահութեան նախարարութիւններու յառաջատար մասնագէտները:
Անցեալ տարի նոյնպիսի ձեռնարկ կատարուած էր Ռուսիոյ մէջ: