Սպանացի մասնագէտ մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա վերջերս շատ մեծ ճնշումի տակ կը գտնուի եւ վստահաբար լրագրողներու կողմէ զանազան նեղացուցիչ հարցումներու կ՛ենթարկուի:
«Ի՞նչ կը պատահի, եթէ Մանչեսթըր Սիթի զիս պաշտօնանկ ընէ: Եթէ այդպէս պատահի, ուրեմն տուն կ՛երթամ: Կեանքը միշտ այնպէս չ՛ըլլար, ինչպէս որ դուն կը փափաքիս», ըսաւ ան:
«Ես մորթային հարցեր ունիմ եւ 2-3 տարի որոշ դեղեր պիտի գործածեմ: Ես մարդ մըն եմ, որ երբեմն հիւանդ կ՛ըլլամ: Կ՛ունենամ վատ օրեր, շատ սխալներ կը գործեմ, եւ ջղայնութիւնը աւելի հիւանդ կը դարձնէ զիս: Այո՛, երբեմն իմ հաւասարակշռութիւնս կը կորսնցնեմ, լաւ չեմ քնանար եւ մարսողական խնդիրներ ալ ունիմ, եւ պէտք է թեթեւ սնունդ ընդունիմ… Երեկոյեան միայն ապուր», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, ան յայտնեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր կ՛ուզէ ձեռք ձգել Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յառաջապահ Ռոտրիկոն, որ Սիթիի մէջ շատ լաւ արդիւնք կրնայ տալ:
Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես պատրաստ է «տալու» Ռոտրիկոն, եթէ փոխանցումի ժամանակ Էրլինկ Հաալանտ միանայ Ռէալ Մատրիտին:
Հաալանտ, որ տարիէ մը ի վեր «կ՛երազէ» միանալ Ռէալին, միակ յոյսը Ռոտրիկոյի հետ փոխանակուիլն է:
Նշենք, որ Ռոտրիկոյի փոխանցման արժէքը` թրանսֆերմարքեթի մէջ, կը գնահատուի 110 միլիոն եւրոյով, մինչ Հաալանտի արժէքը մօտ 200 միլիոն եւրօ է: