Մեքսիքայի Փաչուքա խումբը շաբաթ օր Տոհայի մէջ (Քաթար) փենալթիներով դուրս ձգեց Եգիպտոսի եւ Ափրիկէի ախոյեան Ահլին` անակնկալ արդիւնքով մը, եւ հասաւ միջցամաքամասային բաժակի աւարտականին, ուր պիտի մրցի Ռէալ Մատրիտի դէմ, չորեքշաբթի օր ժամը 19:00-ին, Քաթարի «Լուսէյլ» դաշտին վրայ:
Փաչուքա հիւսիսային Ամերիկայի բաժակը շահած էր եւ հասած քառորդ աւարտական, ուր Պրազիլի Պոթաֆոկոն 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր: Ահլի իր կարգին 3-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն խումբը: