Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տիւրենթ Վերադարձաւ Եւ Ֆինիքս Յաղթեց

Դեկտեմբեր 16, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

14 մրցում բացակայելէ ետք, վեթերան աստղ Քեւըն Տիւրենթ վերադարձաւ Ֆինիքս Սանզ, որ կրցաւ 126-134 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ Եութա Ճեզի դաշտէն:

Տիւրենթի բացակայութեան, Ֆինիքս 10 պարտութիւն կրած էր` կորսնցնելով իր յառաջատար դիրքը, եւ այժմ ան կը գրաւէ Արեւմտեան շրջանի 8-րդ դիրքը, 24 մրցումներէ ետք:

Տիւրենթ 30 կէտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Տեւըն Պուքըր 34 կէտ եւ 8 էսիսթ` ի նպաստ Ֆինիքսի, որ իր 13-րդ յաղթանակը տօնեց: Եութայի լաւագոյն մարզիկն էր Ճորտըն Քլարքսըն` 23 կէտով:

Նիքոլա Եոքիչ շատ լաւ ելոյթ չունեցաւ իր դաշտին վրայ, բայց Տենվըր Նակեթց կրցաւ 120-98 արդիւնքով յաղթել Լոս Անճելըս Քլիփըրզին:

Քանատացի Ժամալ Մարէյ 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տենվըրի, մինչ Մայքըլ Փորթըր 17 կէտ աւելցուց Տենվըրի հաշուոյն: Եոքիչ 16 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ առանց Լըպրոն Ճէյմսի 97-87 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի դաշտին վրայ:

Անթոնի Տէյվիս 23 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, մինչ մրցակից Անթոնի Էտուըրտծ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի:

Մեմֆիս Կրիզլիզ իր վերջին 11 մրցումներէն 10-րդը յաղթանակով աւարտեց` պարտութեան մատնելով Պրուքլին Նեթցը` 135-119 արդիւնքով:

Ճա Մըրենթ 28 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մեմֆիսի, մինչ Պրուքլինի գերմանացի աստղ Տենիս Շրէօտըր 15 կէտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց: Հաւանական է, որ Շրէօտըր մօտ օրէն միանայ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին: Շրէօտըր, որ 2023-ին Գերմանիոյ հետ աշխարհի ախոյեան դարձած էր, 12 եղանակներու ընթացքին մաս կազմած է Աթլանթայի, Օքլահոմայի, Լէյքըրզի, Սելթիքսի, Թորոնթոյի եւ Հիուսթընի` ի վերջոյ Պրուքլինին միանալով: Եթէ միանայ Կոլտըն Սթէյթին, Շրէօտըրի 8-րդ խումբը պիտի ըլլայ Ուորիըրզը:

Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 115-105
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 107-121
Շիքակօ Պուլզ – Չարլոթ Հորնեթց 109-95
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Պրուքլին Նէթց 135-119
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 97-87
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 120-98
Եութա Ճեզ – Ֆինիքս Սանզ 126-134
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 116-118

Նախորդը

Սուրիոյ Ճակատագիրը «Կը Յստականայ»…

Յաջորդը

Կուարտիոլա Անհանգիստ Է…

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա

Օգոստոս 20, 2025
Նոր «Հիւանդութիւն» Մը`  Միջազգային Ֆութպոլին Մէջ
Մարզական

Նոր «Հիւանդութիւն» Մը` Միջազգային Ֆութպոլին Մէջ

Օգոստոս 20, 2025
«Չեմփիընզ Լիկ».  «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Ակումբներու  Դասաւորումը` 2025-2026 Տարեշրջանի Մեկնարկէն Առաջ
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Ակումբներու Դասաւորումը` 2025-2026 Տարեշրջանի Մեկնարկէն Առաջ

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?