Հայաստանի ազգային խումբի ձախ կողմի միջնապահ Նայիր Թիքնիզեան Սեւիայէն ետք գրաւած է նաեւ իտալական Մոնցայի ուշադրութիւնը:
Մոնցա քանի մը ամիսէ ի վեր կը հետեւի Թիքնիզեանի ելոյթներուն, սակայն երբ հարցուեցաւ Մոնցայի գլխաւոր տնօրէն Ատրիան Կալիանիին Թիքնիզեանի մասին, ան հերքեց այդ լուրերը:
«Մեզ առաջարկեցի՞ն Թիքնիզեանի համար… Ո՛չ, նման բան տեղի չունեցաւ», ըսաւ Կալիանի ժպտալով:
Հայ միջնապահը Մոսկուայի բանակայիններէն միանալէ ետք Լոքոմոթիւ Մոսկուայի 2021-ին, 112 մրցում կատարած է` 16 կոլ նշանակելով, ինչպէս նաեւ կատարելով 16 էսիսթ:
Նայիր Թիքնիզեանի պայմանագիրը կ՛երկարի միչեւ 30 յունիս 2026: Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի, անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 6,5 միլիոն եւրոյով:
«Լա լիկա»-ի կազմերէն Սեւիա իր կարգին տակաւին կը հետեւի Թիքնիզեանի ելոյթներուն: Ամիս մը առաջ Լոքոմոթիւի հայ մարզիկը հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ այս ամառ ճիշդ որոշում կատարած էր մնալով Լոքոմոթիւի մէջ, քան տեղափոխուիլ Զենիթ:


