Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային

Հոկտեմբեր 15, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի գիշեր Ֆրանսա առիթ մը կորսնցուց 2016-ի Մոնտիալի տոմս մը կանուխէն ապահովելու, երբ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը կրցաւ արձանագրել Իսլանտայի մէջ:

Ռէյքիավիքի մէջ այս արդիւնքը կասեցուց Ֆրանսայի յաջորդական յաղթանակներու շարքը` այս զտումի մրցումներուն (3 յաղթանակներէ ետք):

Երկու անգամ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսա կրնար այժմէն իսկ ապահովել իր տոմսը, եթէ յաղթէր Իսլանտային եւ եթէ Ուքրանիա – Ազրպէյճան մրցումը (2-1) մնար 1-1:

2022-ի Մոնտիալի փոխախոյեան Ֆրանսա Դ. խմբակի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ 10 կէտերով, 3 կէտերով գերազանցելով Ուքրանիան: Ֆրանսայէն կը բացակայէր խմբապետ Քիլիան Էմպափէ, որ թեթեւօրէն վիրաւորուած էր Ազրպէյճանի (3-0) դէմ մրցումի վերջին վայրկեաններուն:

Իսլանտա նշանակեց մրցումին առաջին կոլը 39-րդ վայրկեանին, բայց Նքունքու եւ Մաթեթա 5 վայրկեաններու ընթացքին (63 եւ 68) նշանակեցին արագ կոլեր, սակայն… Իսլանտա երկու վայրկեան ետք` 70-րդ վայրկեանին կրցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել:

Զուիցերիա իր կարգին կրնար ապահովել իր տոմսը, բայց չկրցաւ կոլ նշանակել Սլովենիոյ դաշտին վրայ (0-0), իսկ միւս կողմէ Քոսովօ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Շուէտէն:

Քոսովօ 7 կէտ ունի, իսկ Զուիցերիա` 10 կէտ: Առաջին խմբակին մէջ, Գերմանիա 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ հիւսիսային Իրլանտայէն, շնորհիւ Նիք Վոլթեմատէի կոլին, մինչ Սլովաքիա 2 – 0 արդիւնքով յաղթեց Լիւքսամպուրկին:

Գերմանիա եւ Սլովաքիա 9-ական կէտեր ունին:

Ափրիկէի մէջ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Քափէ Վերտէ կրցաւ հասնիլ Մոնտիալին, 3- արդիւնքով յաղթելէ ետք Էսուաթինիի:

50 տարի առաջ, Փորթուգալէն անկախացած Քափէ Վերտէ անակնկալի բերաւ Քամերունը, որ միայն ճերմակ հաւասարութիւն արձանագրեց Անկոլայի դէմ: Քամերուն 4-1 արդիւնքով յաղթանակով սկսած էր Քափէ Վերտէի դէմ (զտումի մրցումները), սակայն Անկոլայի (0-0 եւ 1-1), Լիպիոյ (0-0) եւ Քափէ Վերտիի դէմ (0-1) անցեալ ամսուան պարտութիւնը զինք դասեց Բ. դիրքի վրայ, եւ այժմ ան պիտի մասնակցի այլ հանգրուանի մը, ուր պիտի զտուին այլ ցամաքամասերէ խումբեր փլէյ-օֆի մրցումներու ընթացքին:

9 խմբակներու առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը ուղղակիօրէն պիտի հասնին Մոնտիալ, եւ արդէն իսկ Թունուզ, Մարոք, Կանա, Եգիպտոս, Ալճերիա եւ Քափէ Վերտէ հասած են այդտեղ:

 

Նախորդը

Ըմբշամարտի «Պունտըսլիկա». Հայաստանի Ըմբիշները Կը Փայլին

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

RelatedPosts

Վեթերաններու Ըմբշամարտ.  Վահրամ Խաչատրեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտի «Պունտըսլիկա». Հայաստանի Ըմբիշները Կը Փայլին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մայք Գէորգեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Մայք Գէորգեան Կոլ Նշանակեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?