Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը կը ներառէ 17 կէտեր, որոնցմէ 15-ը արդէն համաձայնեցուած է, միւս 2 կէտերուն շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին: Այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
«Նախաբանի բովանդակութիւնը եւ 15 կէտերը գրեթէ ամբողջութեամբ համաձայնեցուած են: Իսկ 2 կէտերու շուրջ մենք բաց հարցեր ունինք. անոնց վրայ աշխատանքները կը շարունակուին: Արդէն եղած է բանակցութիւններու եւ բովանդակութեան փոխանակման քանի մը փուլ: Տակաւին կարելի չէ եղած ամբողջովին համաձայնեցուած տարբերակի հասնիլ: Աշխատանքը կը շարունակուի», յայտնած է Պայրամով:
Միեւնոյն ժամանակ, ան ըսած է. «Խաղաղութեան հասնելու հոլովոյթը կը բարդացնէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, որ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ կը պարունակէ»:
«Մենք համաձայն չենք այն փաստարկներուն, որոնք Հայաստանը վերջին շրջանին կը ներկայացնէ: Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի վերջին որոշումը առաւել եւս բարդացուցած է կացութիւնը: Մասնաւորաբար, որոշում տրուած է Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանի անփոփոխելիութեան մասին: Ճիշդ նախաբանին մէջ անդրադարձ կը կատարուի Անկախութեան հռչակագիրին, որ իր կարգին կը պարունակէ տարածքային պահանջներ Ազրպէյճանի դէմ», նշած է ան:
Պայրամովի համաձայն, յետպատերազեան շրջանին Ազրպէյճանն ու Հայաստանը շարունակած են խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները եւ կարծիքներու փոխանակումը խաղաղութեան պայմանագիրի թեքստի շուրջ:
«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ, շարունակուած են բնագրային փոխանակումները եւ այստեղ, հակառակ բաց հարցերուն, ակնյայտ յառաջընթաց արձանագրուած է», նշած է ան:
Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի 26 սեպտեմբեր 2024-ի որոշումին մէջ կը նշուի, որ Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ Անկախութեան հռչակագիրի յղումը կը վերաբերի բացառապէս հռչակագիրի այն կէտերուն, որոնք ամրագրուած են Սահմանադրութեան յօդուածներուն մէջ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան ոչ մէկ կէտ տարածքային պահանջներ կը պարունակէ դրացի երկիրներու նկատմամբ», որոշումին հրապարակումէն ետք պնդած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: