Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Բանակցութիւններու Սկսի Արեւմտեան Ազրպէյճանական Համայնքին Հետ»

December 6, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը պէտք է բանակցութիւններու սկսի, այսպէս կոչուած, «արեւմտեան ազրպէյճանական» համայնքին հետ եւ գործնական քայլերու ձեռնարկէ անոնց հիմնարար իրաւունքները վերականգնելու համար: Նման պնդում կատարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Բացի ատկէ, Հայաստան պէտք է արտօնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան այցելութիւնը եւ համագործակցի այս ոլորտին մէջ` վերահսկելու մեր ժողովուրդին պատկանող պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ աղաւաղման առնչուած կացութիւնը», ըսած է Ալիեւ:

Պաքուի մէջ տեղի կ՛ունենայ, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի համայնքի 2-րդ միջազգային խորհրդաժողովը` «Վերադարձի իրաւունք. արդարութեան ապահովում Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ազրպէյճանցիներու համար» նիւթով:

«Արեւմտեան Ազրպէյճան» ըսելով` Պաքուն նկատի ունի Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքը:

Ալիեւ ըսած է, որ Հայաստան կը փորձէ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի գործունէութիւնը իբրեւ սպառնալիք ներկայացնել իր տարածքային ամբողջականութեան, իսկ համայնքին նպատակը, ըստ Ազրպէյճանի նախագահին, «Արեւմտեան Ազրպէյճանէն վտարուածներու արժանապատիւ վերադարձն է իրենց պապենական հողեր` խաղաղ եւ ապահով պայմաններու մէջ»:

Ազրպէյճանի նախագահին պնդումով` «Հայաստանը կը հերքէ ազրպէյճանցի ժողովուրդի դարաւոր ներկայութիւնը իր պապենական հողերուն վրայ»` նշելով, թէ «կ՛ոչնչացուին Արեւմտեան Ազրպէյճանի պատմական յուշարձանները, գերեզմանոցները, մզկիթներն ու հնագոյն բնակավայրերը»:

«Շրջանի պատմութիւնն ու մշակութային տարածքը խեղաթիւրելուն եւ վերաշարադրելուն ուղղուած այս աւերիչ գործողութիւնները անհանդուրժողականութեան եւ ցեղապաշտութեան դրսեւորումներ են», ընդգծած է Ազրպէյճանի ղեկավարը:

«Հայ հասարակութեան մէջ ազրպէյճանցի ժողովուրդին նկատմամբ արմատացած ատելութիւնը, առասպելական «Մեծ Հայաստանի» մասին երազանքները, Ազրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի սահմանադրութեամբ տակաւին պահպանուած տարածքային պահանջները, այս երկրի արագ զինումը կը խոչընդոտեն կայուն խաղաղութեան հաստատումը», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլի Հաւասարութիւնը Մօտեցուց Չելսին Եւ Արսենալը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Անհետ Կորսուած Ազրպէյճանցիներու Ճակատագիրի, Զանգուածային Ու Անհատական Թաղման Վայրերու Վերաբերեալ Ամբողջական Տեղեկութիւն Տրամադրէ»

October 8, 2026
Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.