Ռուսիան հաւատարիմ է Հայաստանի հետ համաձայնութիւններու ամբողջ շրջանակին եւ չի հրաժարի ռազմաքաղաքական ոլորտին մէջ իր պարտաւորութիւններէն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը:
«Մոսկուան հաւատարիմ եղած է եւ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ թէ՛ երկկողմանի մակարդակով, թէ՛ ալ եւրասիական տարածքին մէջ միաւորման շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու ամբողջ շրջանակին: Մենք չենք հրաժարիր մեր դաշնակիցներուն հանդէպ պարտաւորութիւններէն, ներառեալ ռազմաքաղաքական ոլորտին մէջ», ըսած է Կալուզին` «Ռուսիա-Հայաստան» երկրորդ հասարակական խորհրդաժողովին ընթացքին:
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիան տարիներ շարունակ կը ձեւաւորէ անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ: Կալուզին նշած է, որ Ռուսիոյ դերը այս հարցին մէջ միշտ պահանջուած պիտի ըլլայ` հաշուի առնելով շրջանին մէջ եւ ամբողջ աշխարհի վրայ փոփոխական իրավիճակը:
«Մենք պատրաստ ենք այս հրատապ նիւթին շուրջ Երեւանի հետ անկեղծ եւ առարկայական զրոյցի», ընդգծած է փոխնախարարը:
«Ինչպէս նախապէս, հիմա ալ մենք չենք խուսափիր հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման իր բոլոր ուղղութիւններով նպաստելէ», յայտարարած է ան:
«Մենք համոզուած ենք, որ 2020-2023 թուականներու եռակողմ համաձայնագիրներուն համահունչ յառաջընթացի համակարգուած շարժումը պիտի ապահովէ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն եւ պիտի բանայ անոր ստեղծագործական ներուժը», աւելցուցած է Կալուզին:
«Գաղտնիք չէ, որ ամերիկացիներն ու եւրոպացիները իրենց ներդրումները կը պայմանաւորեն հակառուսական պատժամիջոցներուն միանալու հետ եւ միեւնոյն ժամանակ կը սպառնան երկրորդական սահմանափակումներ մտցնել, ինչ որ բացարձակապէս ոչ օրինական է:
«Ռազմական ծրագիրներու եւ վարժանքներու միջոցով անոնք կը փորձեն ամրապնդել Անդրկովկասի մէջ իրենց ռազմական ներկայութիւնը եւ իրենց վերահսկողութեան տակ առնել սահմանային հսկողութիւնը: Այս գիծը, որ ուղղուած է ոչ թէ հակամարտող կողմերը հաշտեցնելուն, այլ Մոսկուան դուրս մղելուն, արդէն իսկ յանգեցուցած է նոր խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու, ներառեալ Հայաստանի համար:
«Ռուսիան, իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ պատմականօրէն ներկայ երկիր, կենսականօրէն շահագրգռուած է Հայաստանի բարգաւաճումով, եւ ոչ թէ անոր պետականութեան կործանումով», աւելցուցած է Կալուզինը:
«Շրջանին մէջ բոլոր երկիրներու շահերու ներդաշնակեցման գործին մէջ կարեւոր տեղ կը յատկացնենք «3+3» շրջանային համագործակցութեան հարթակին:
«Կ՛աշխատինք զայն Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան լիարժէք կազմակերպութեան վերածելու ուղղութեամբ:
«Ճիշդ այսպիսի դրական միաւորող օրակարգը այսօր առաւել քան երբեւէ արդիական է: Չեմ կասկածիր, որ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած ամուր ներուժը եւ ամուր կապերը Ռուսիոյ եւ Հայաստանին միասին կ՛արտօնեն համարժէք դիմակայել ուժի բոլոր փորձութիւնները», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:


