ՀԱՊԿ-ն պարտաւոր չէր պատերազմիլ Երեւանի կողմէ` Ղարաբաղի համար, որովհետեւ Հայաստանը Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն չէր ճանչցած եւ չէր մտցուցած իր կազմին մէջ: Այս մասին Ասթանայի մէջ` ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
«Այն, ինչ որ կը կատարուէր Ղարաբաղի մէջ, իրաւաբանական առումով Հայաստանի հետ կապ չունէր, այդ պարագային Հայաստանի դէմ արտաքին յարձակում չկար», ըսած է Փութին:
Անդրադառնալով Հայաստանի` ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ դիրքորոշման` Ռուսիոյ ղեկավարը նշած է, որ իւրաքանչիւր երկիր ինք կ՛ընտրէ ինչ կ՛ուզէ ընել եւ ինչպէս կ՛ուզէ ապահովել սեփական անվտանգութիւնը: «Կարծեմ, որ Հայաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի միջեւ ստեղծուած իրավիճակը, ամենայն հաւանականութեամբ, պայմանաւորուած է ինքնին Հայաստանի մէջ ընթացող ներքաղաքական հոլովոյթներով», աւելցուցած է Փութին:


