Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել, որ Կովկասի մէջ շրջանային խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ձեռք պիտի բերուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուելիք համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրով: «Հիւրրիեթ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր` Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ պաշտպանութեան նախարարութեան 2025 թուականի ամավարկի քննարկման ժամանակ:
Երեւանն ու Պաքուն յայտարարած են, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան շուրջ 80 առ հարիւրը համաձայնեցուած է:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛առաջարկէ համաձայնագիրը ստորագրել համաձայնեցուած կէտերու հիման վրայ, այսպիսով ունենալ հիմնարար փաստաթուղթ եւ շարունակել քննարկել չլուծուած հարցերը:
Ազրպէյճանը, սակայն, այս մօտեցումը կը նկատէ կիսատ-պռատ: Ազրպէյճան Հայաստանէն կը պահանջէ փոխել սահմանադրութիւնը, որովհետեւ խնդրայարոյց կը նկատէ Անկախութեան հռչակագիրը, որուն մէջ յղում կայ Հայաստանի եւ Արցախի միաւորման:


