Լեհաստանը կ՛ուզէ քննարկումներու սկսիլ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափը վերականգնելու ուղղութեամբ` զայն որոշակի փոփոխութիւններու ենթարկելու միջոցով: Այս մասին Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտա:
«Վարշաւան կ՛ուզէ վերականգնել Արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափը` ապագային զայն քիչ մը փոփոխութեան ենթարկելով: Լեհաստանը կ՛ուզէ սկսիլ այդ քննարկումները եւ կ՛ուզէ մասնակցիլ այդ հոլովոյթին», նշեց Տուտա:
Ան ըսաւ, որ Վարշաւան պատրաստ է աջակցելու Հայաստանը եւրոպական ընտանիքին մէջ ներգրաւելու հարցին:
«Մենք ընկերներ ենք, մենք Հայաստանի բարեկամն ենք: Մենք շատ դրական վերաբերմունք ունինք հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատմամբ: Հայերը շատ մեծ ներդրում ունին համաշխարհային մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան մէջ: Մենք ամէն ջանք պիտի գործադրենք, որ Հայաստանը ներգրաւենք եւրոպական ընտանիքին մէջ:
«Եթէ հայկական կողմը քիչ մը հետաքրքրուածութիւն ցուցաբերէ, մենք պատրաստ ենք օգնելու: Իբրեւ Լեհաստանի նախագահ` կը յայտարարեմ, որ որեւէ խնդրանքի պարագային մենք պատրաստ ենք աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին», ընդգծեց Անճէյ Տուտա:
Լեհաստանի նախագահը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նաեւ ըսաւ. «Մեր շրջանին մէջ նոյնպէս գոյութիւն ունի անկայունութիւն, որ պայմանաւորուած է Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ յարձակողական գործողութիւններով: Պատերազմական կացութիւնները իրենց ազդեցութիւնը ունին նաեւ անմիջականօրէն Կովկասի վրայ»:
«Ռուսիան վերահսկման գործողութիւններ կ՛ուզէ կատարել նաեւ այս շրջանին մէջ, մենք ատիկա կը տեսնենք: Կ՛ուզենք, որ բոլոր տագնապները խաղաղութեամբ աւարտին», ըսած է Տուտա:


