Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Շեղող Խեղկատակութիւններ Եւ Դառն Իրականութիւն

Նոյեմբեր 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Օր չ՛անցնիր, որ աշխարհի այս կամ այն ծագէն խեղկատակ բեմադրութիւններու ականատես-ականջալուր չըլլանք, խաղեր, որոնց հիմնական նպատակն է մարդոց ուշադրութիւնը հեռացնել իրական տագնապներէ` իրենց ապրուստի պայմանները աւելի՛ դաժան դարձնող իրադարձութիւններէ:

Թուենք քանի մը օրինակ (աւելին մեզ պիտի հասցնէ հատորի մը):

Ա.- Տոնալտ Թրամփի նախագահ վերընտրութեան փոթորիկը ցունամիի միայնակ ալիք չէր, անոր յաջորդեցին ու կը յաջորդեն ամէնօրեայ ցունամիներ, որոնք մոռացութեան գիրկը կը նետեն նախորդները: Նորագոյն ալիքնե՞րը. անոնք նոր կառավարութեան կազմի անդամներուն շուրջ ստեղծուած փոթորիկներէն կը ծագին: Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ պատկերասփիւռի խեղկատակ յայտագիրէ մը «ծնած» Թրամփ հիմա սկսած է իր շուրջը հաւաքել նման պատկերասփիւռային խեղկատակներ, վատահամբաւ, իրենց վստահուելիք գործերէն շատ բան չհասկցող,  կամ նոյնինքն տուեալ առաքելութեան չհաւատացողներու փաղանգ մը, որոնց շարքին են իրեն պէս գայթակղութիւններու մէջ դերակատար «հերոսներ»: Սա մամուլին եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ բարձրացուցած է բողոքի, ընդվզումի եւ քննադատութիւններու ալիքներ, որոնք տեղ մը իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան: Օրինակի համար, արդարութեան նախարարութեան թեկնածու Մեթ Կէյթց, որ մեղադրուած է իբրեւ անբարոյական, քննադատութիւններուն դիմաց տեղի տուաւ եւ իր թեկնածութիւնը քաշեց հինգշաբթի օր (21 նոյեմբերին): Մարդուն մէջ բարոյականութեան հիւլէ մը կա՞յ եղեր… Անոր քայլին պիտի հետեւի՞ն միւս համբակները, թէ՞ ամերիկեան քաղաքական բեմը պիտի ցուցահանէ կատարեալ սնանկութեան իր դիմագիծը, որուն մէկ այլ «միջնարարն» ալ կը հիւսուի Ճօ Պայտընի խռֆածութեան նորագոյն փաստերով… Ողբերգութիւնը հոն է, որ ինչպէս որեւէ երկիր, Միացեալ Նահանգներն ալ զուրկ չեն կարող մարդոցմէ, սակայն պաշտօնի կը կոչուին կամակատար հտպիտներ, ինչպէս պատահեցաւ Ուքրանիոյ մէջ կամ այլուր:

Անդին` իրական կեանքի մէջ, նոյնքան ուշադրութիւն չեն գրաւեր իրական տագնապներ` սկսելով Ուքրանիոյ պատերազմը աւելի՛ եւս սաստկացնող ամերիկեան եւ այլ «նախաձեռնութիւններէն», ապա հասնելով` գերհզօրներու միջեւ անբարեխիղճ մրցակցութիւններուն (չենք ուզեր մարզերը թուել հոս), երկրի տնտեսական անկումին եւ անկէ ծնած ընկերային հարցերուն, կենսոլորտի մարդակերտ այլափոխման հետեւանքներուն եւ անոնց դիմաց աչք փակելներու եւ այլնին:

(Կատակ մը շրջան կ՛ընէ, թէ` զէնքի կարգ մը ընկերութիւններ գանգատած են, որ որոշ ընկերութիւններ բաւական զէնք ծախած ու հարստացած են, պէտք է առիթ տալ նաեւ ուրիշներու` հրթիռներ եւ ականներ արտադրողներու: Ուրիշներ ալ կարգի կանգնած են):

Բ.- Ի՜նչ զու-գա-դի-պու-թի՜ւն: Հայաստանի վարչապետի աթոռին բազմած ՔՊ-ապետն ալ քանի մը օր առաջ փոթորիկ ստեղծեց` նախ մօրուքը ածիլելով, յետոյ, կառավարութեան նիստին, ջղագար խեղկատակութեամբ մը սպառնալիքներ տեղացուց «անբարեխիղճ» եւ «զինք ստախօս հանող» նախարարներու եւ պաշտօնատարներու գլխուն. յաջորդ արարը եղաւ առաջին կարգի (օտարը պիտի ըսէր` փրիմօ) նիկոլակա՛ն դրածոյ նախարարներու, մինչեւ իսկ արդարադատութեան մարզի, Ազգային ժողովի նոյնքան դրածոներու պաշտօնազրկումը եւ նորերու նշանակման էջի բացումը: Եւ, ի՜նչ զարմանք, նշանակեալ «երիտասարդ եւ փորձառու» դրածոյ նախարար մը, կառավարութեան նիստի առաջին իսկ մասնակցութեան, «դնող»-ին կողմէ խայտառակուեցաւ իբրեւ գլխագիր թերացած (բայց, ըսէ՛ք, ո՞վ է չթերացողը): Մարդը կ՛անդրադառնա՞յ արդեօք, որ գլխաւոր թերացողը ինքն է, իր թերացումներուն եւ յանցանքներուն, մեղքերուն կոյտը իր սիրած Արագածի չորս գագաթներուն բարձրութեան գումարը գլած-անցած է: Հիմա հարց է, թէ նոր դրածոները բարոյական ուժը պիտի ցուցաբերե՞ն ու խոստովանի՞ն, թէ ատակ չեն: Հարց ծագած է նաեւ, թէ արդեօք… հեծի՞կն ալ զոհ գացեր է մօրուքին հետ, իսկ «նախկիններ»-ուն հասցէին հնչած մեղադրանքները այնքան հինցած են, որ նորերը լիարժէքօրէն նոր մրցանիշներ կը հաստատեն…

Անդին` իրական բեմին վրայ, տնտեսութեան անկումն ու ընկերային տագնապները, ներառեալ` արցախցի բռնագաղթուածներու հանդէպ հոգածութեան նահանջը, ու տակաւին,  թուրքեւազերիական ծրագիրներու ընթացք տալը նետուած են լուսանցք, ժողովուրդին (եւ մամուլին ու քաղաքական շրջանակներու) ուշադրութիւնը շեղելու յիշեալ շինծու (ո՛չ աննախընթաց) խաղերը ողողած են մարդոց կեանքը:

(Կատակ մը շրջան կ՛ընէ. կ՛ըսեն, թէ պաշտօնազրկումներուն իսկական պատճառը այն է, որ կարգ մը ՔՊ-ականներ գանգատած են, թէ պաշտօնավարողները բաւական հարստացած են` իրենց դիրքը «տակից» շահագործելով եւ վրան բաց պարգեւավճարներով, պէտք է առիթ տալ ուրիշներու):

Գ.- Միջազգային քրէական դատարանը վճիռ արձակեց Իսրայէլի վարչապետին, անոր նախկին նախարարին եւ Համասի կարգ մը պաշտօնեաներուն դէմ, զանոնք ամբաստանեց իբրեւ ոճրագործ եւ ձերբակալման հրաման արձակեց անոնց դէմ: (Զոհն ու ոճրագործը հաւասարապէս մեղադրելով, կ՛ըսեն կատակասէրները, ատեանը փորձեր է «հաւասարակշռութիւն» պահել եւ խուսափիլ իբրեւ կողմնակալ մեղադրանքէ): Եւ յանկարծ փոթորիկ մըն ալ պայթեցաւ միջազգային բեմին վրայ, շատեր փութացին պաշտպանելու Իսրայէլի ոճրագործները, իբր թէ անոնք իրաւունք ունին իրենց երկիրը պաշտպանելու: Հարց. եթէ պաղեստինցիները բազմատասնեակ հազարներով կը ջարդուին, ամբողջ քաղաքներ եւ գիւղեր հողին կը հաւասարեցուին, անոնք իրաւունք չունի՞ն ինքնապաշտպանութեան դիմելու: Բարեբախտաբար եղան երկիրներ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործադրելու Նեթանիահուն ձերբակալելու վճիռը եւ… մեղադրուեցան ոճրագործին ու պաշտպաններուն կողմէ:

Եթէ այս վճիռը արդարութիւն կ՛ընէ եւ լուսարձակի տակ կը բերէ կազացիներու (ինչո՞ւ չէ` նաեւ անուղղակիօրէն լիբանանցիներու) ողբերգութիւնը, հարցական կը մնայ, թէ այս ու նման վճիռներ գործնական ի՞նչ արտայայտութիւն պիտի ունենան: Իսրայէլի այս ու նախկին ոճրագործները` պետական պատասխանատուները, առաջին անգամը չէ, որ կ՛ամբաստանուին իբրեւ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾ, անցեալին այլ ատեաններ ալ նման մեղադրանք փակցուցած են Իսրայէլի ճակատին: Իբրեւ պետական ոճրագործ` ամբաստանուած են Թուրքիան ու Ազրպէյճանը` Արցախի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլուր իրագործած ոճիրներուն, ցեղասպանական արարքներու համար, եւ համապատասխան պահանջներ դրուած են անոնց դիմաց: Այս առումով, Էրտողան, Ալիեւ եւ Նեթանիահու (եւ նմաններ) նոյն խրամատին մէջ են, կը մնան-կը պահուին անխոցելի, ունին ջե՜րմ պաշտպաններ, որոնք պատրաստ են իրենց դաւանած ամէնէն բարձր արժէքներն անգամ ցեխը ձգելու` ի խնդիր… շահերու պաշտպանութեան:

***

… Մարդկութիւնը այլապէս կը պահուի լուռ ու կրաւորական հանդիսատեսի աթոռներուն վրայ, անոնցմէ խլուած է իրականութիւնները, իրենց իսկ կրած անմիջական (ուղղակի եւ անուղղակի) վնասները տեսնելու-զգալու զգայարանքը: Իսկ թէ նման վիճակ որքա՞ն կրնայ տեւել, կախեալ է ԶԱՐԹՆՈՒՄի կարողութենէն, զարթնումի պահը մօտեցնողներէ:

21 նոյեմբեր 2024

Նախորդը

«Հայկական Լոպիի Գործիքներ» Եւ «Ստախօսներ» Անուանելով` Պաքու Խարազանեց Ծերակուտական Մարքին Եւ Քոնկրեսական Փալոնը

Յաջորդը

Դէպի Խաղաղութիւն Եւ Վերականգնում

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?