Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Խաղաղութիւն Եւ Վերականգնում

Նոյեմբեր 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը հաստատեն, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ բախումները դադրեցնելու համար բոլոր նախապայմանները գոհացուած են: Հըզպալլա, որ պատերազմին լիբանանեան կողմը կը ներկայացնէ, հրապարակայնօրէն յանձնառութիւն վերցուցած է գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ գործելու Թաէֆի համաձայնագիրի հետեւողութեամբ: Լիբանանի կառավարութիւնը պատրաստ է երաշխաւորելու Հըզպալլայի որոշումը:

Թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը կը նշանակէ լիբանանեան բանակի ստորաբաժանումներու տեղակայումը հարաւի սահմանային գօտիին մէջ եւ գործակցաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի (ՄԱԿ-ի ուժեր) հետ` բացառումը որեւէ սահմանային միջադէպի: Իսկ Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութիւնը կ՛ենթադրէ բացի բանակէն ոչ մէկ այլ զինեալ խմբաւորման գոյութիւնը:

Իսրայէլ չէր գոհանար այսքանով: Իսրայէլ կ՛ուզէր զինադուլի առկայութեամբ իսկ հարաւի մէջ զինեալ գործողութիւններու ազատութիւն ունենալ: Յաւելեալ` Լիբանանի օդային տարածքը ազատօրէն գործածելու իրաւունք: Երկրորդ պահանջը բացառուած է, թէեւ Իսրայէլ արտօնութեան կարիք չունի Լիբանանի վերեւ ազատօրէն թռիչքներ կատարելու. լիբանանեան բանակը հակաօդային մարտկոցներ չունի, եւ Լիբանան կրնայ միայն բողոքել… Եթէ բողոքը լսող ըլլայ: Առաջին պահանջը եւս մասամբ գոհացուած է, համաձայնագիրին մէջ նշելով, որ Իսրայէլ իրաւունք կը վերապահէ միջամտելու, եթէ ապահովական խախտումի մը պարագային լիբանանեան բանակը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ը զսպումի անհրաժեշտ գործողութիւն չկատարեն:

Կը մնայ որոշել, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ համաձայնութեան կատարման հսկողը: Բնականաբար համաձայնութեան հեղինակ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները: Լիբանան կը փափաքէր, որ Ֆրանսա եւս մասնակցի հսկողութեան: Իսրայէլ դէմ էր, բայց ի վերջոյ տեղի տուաւ, եւ հսկողութիւնը վստահուեցաւ հնգանդամ մարմինի մը, կազմուած Միացեալ Նահանգներէ (նախագահ), Ֆրանսայէ, ՖԻՆՆԻՒԼ-է Իսրայէլէ եւ Լիբանանէ:

Իսրայէլի կառավարութեան սեղմ դահլիճը, երեքշաբթի, 26 նոյեմբերի յետմիջօրէին ժողով գումարելով պէտք է որդեգրէ վերջնականացած համաձայնագիրը: Լիբանանի կառավարութիւնը յաջորդ օր` չորեքշաբթի 27 նոյեմբերի առաւօտուն պիտի պաշտօնականացնէ իր արդէն իսկ ընդունած համաձայնագիրը: Պատերազմը կրնայ դադրիլ նոյն օրը:

Պաշտօնապէս համաձայնագիրը կը նախատեսէ 60 օր տեւողութեամբ զինադուլ մը, որուն ընթացքին հանգրուանային եղանակով պիտի գործադրուին համաձայնագիրի կէտերը: Զինադուլի 60 օրերու աւարտին կը սկսին բանակցութիւնները Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ` սահմանային հարցերու լուծման նպատակով:

Լիբանանի բազմաչարչար ժողովուրդը անձկութեամբ կը սպասէ խաղաղութեան հաստատումը: 60 խաղաղ օրերու ընթացքին պէտք է վերջապէս ընտրուի հանրապետութեան նախագահը, կազմուի նոր ու վաւերական կառավարութիւն մը եւ սկսի պետական կառոյցներու եւ սպասարկութիւններու վերակազմակերպումը եւ աշխուժացումը: Տագնապներու բազմացումով, Լիբանան վերածուեցաւ անգլուխ ինքնակառավարուող հաւաքականութեան մը, ուր պետական բոլոր գործառոյթները տակաւ վերածուեցան անբովանդակ ձեւականութիւններու: Երկար ատեն խօսուեցաւ ելեւմտական անհրաժեշտ բարեփոխումներու մասին, որոնք ոչ միայն չիրականացան, այլեւ մոռացութեան տրուեցան: Տնտեսութիւնը քայքայուեցաւ եւ լիբանանցի ժողովուրդի բարեկեցութիւնը նահանջեց,  աղքատութիւնը շատցաւ:

Հարաւի մէջ ապահովութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնող բանակը պէտք է ունենայ զինական համապատասխան միջոցներ: Խոստացուած ֆինանսաւորումները բաւարար չեն այդ կարիքը գոհացնելու համար: Անհրաժեշտ է գտնել այլ աղբիւրներ եւս: Փարիզի մէջ կայացած Լիբանանի օժանդակութեան խորհրդաժողովը մէկ միլիառ տոլար խոստացաւ. այս գումարը բաւարար պիտի չըլլայ նոյնիսկ վերաշինելու համար Իսրայէլի ամէնօրեայ ռմբակոծումներով քանդուած շէնքերը: Գումարներ անհրաժեշտ են վերականգնելու համար քանդուած տնտեսութիւնը եւ բարելաւելու լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը:

Հսկայական տարողութեամբ աշխատանք պէտք է կատարուի, Լիբանանը վերածելով հանրային կեանքի բոլոր մարզերը ընդգրկող համատարած շինարարական հրապարակի մը: Նման տարողութեամբ գործ կ՛ենթադրէ քաղաքական կայունութիւն, փոխադարձ հանդուրժողականութիւն, իրերօգնութիւն եւ գործակցութիւն: Քաղաքական ուժերը դասեր քաղած պէտք է ըլլան իրենց անզիջող հակամարտութիւններուն բերումով ստեղծուած աղէտէն ու վերադառնան Ազգային ուխտով դրսեւորուած եւ Թաէֆի համաձայնութեամբ ամրապնդուած համախոհութեան սկզբունքին:

Պէտք է վերաշինել, վերակազմակերպել Լիբանանի Հանրապետութիւնը:

 

 

Նախորդը

Նշմար. Շեղող Խեղկատակութիւններ Եւ Դառն Իրականութիւն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Ալեքքօ ՊԷզիքեան Կը Հովանաւորէ «Ճինիշեան» Ձեռնարկի Պարմանուհիներու Ծրագիրին Կրթական Բաժինը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?