Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. «Killing Fields»-ը Եւ «Հոթել Ռուանտա»-ն Փոխադրուած Են Կազա Եւ Լիբանան

Նոյեմբեր 25, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ընկեր մը ե-նամակով ինծի յղած էր Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ոճրային յարձակումները պատկերող վաւերագրական ժապաւէն մը` պատրաստուած ֆրանսեւգերմանական խումբի մը կողմէ:

Պէտք չունիմ այստեղ նկարագելու աւեր ու մահ սփռող այն յարձակումներուն հետեւանքները, որոնք իսրայէլեան ոճրագործ իշխանութիւններուն կողմէ աշխարհին կը ներկայացուին ամէն օր` իբր թէ զինեալներ կը հետապնդեն, զէնքի պահեստներ կ’ոչնչացնեն, մինչդեռ իրականութիւնը այն է, որ հազարաւոր քաղաքայիններ` կին, մանուկ, տարեցներ, օր ցերեկով կամ գիշերով կը ջարդուին աշխարհի աչքերուն առջեւ, հզօրներու լուռ կամ աղաղակող մեղսակցութեամբ: Նոյնը կը պատահի Կազայի մէջ: Զոհերուն համագումարը անցած է 50 000-ը, մեծ մասը` Կազայի մէջ: Իսկ բռնագաղթուածներու թի՞ւը…

Օրէնք մը կայ, որ կ’ըսէ, թէ ոճրագործին ձեռքը զէնք դնողը նո՛յնքան յանցաւոր է…

* * *

Աւելի քան տարիէ մը ի վեր շարունակուող սպանդներուն (Լիբանանի պարագային` ծանրագոյն փուլը արդէն աւելի քան մէկ ու կէս ամսուան պատմութիւն ունի) համապատկերը աչքի առջեւ ունենալով` միտքիս յուշամատեանին մէջ վերականգնեցան հաւաքական սպանդի նմանօրինակ պարագաներ` սկսելով Հիրոշիմա-Նակազաքիէն մինչեւ Վիեթնամի պատերազմ, Քամպոտիա, Ռուանտա եւ այլուր: Պետական իշխանութիւններու կողմէ գործադրուած հաւաքական սպանդի, պատերազմական գործողութիւններու հետ կապ չունեցող անմեղներու ողջակիզման դէպքերէն շատեր տեղ գտած են վաւերագրական յիշատակելի եւ խարանող ժապաւէններու շարքին: Այստեղ կ՛ուզեմ առանձնացնել գոնէ երկուքը` առանց արհամարհելու բազում ուրիշներ:

Առաջինը «Սպանդի դաշտեր»-ն է` «Killing Fields», որ կը վաւերագրէր Քամպոտիոյ մէջ «Կարմիր խմերներ»-ու եւ անոնց առաջնորդին` Փոլ Փոթի ահաւոր ոճիրները, 1976-1979 տարիներուն: Վարչամեքենայ մը, որ իր իսկ ժողովուրդը սպանդի ենթարկեց (զոհերուն թիւին մասին տրուած են տարբեր տեղեկութիւններ` 1,5-էն 2  միլիոն, թեւես ալ` աւելի): 1984-ին պատրաստուած այս ժապաւէնին խորագիրը շուտով միջազգային մամուլի եւ քաղաքական դաշտի բեմ մտաւ իբրեւ խորհրդանիշ` անգթութեան, անիմաստ ջարդերու եւ պետական ոճիրի, գրգռեց դառն յիշողութիւնները այն տարբերակներուն, որոնք իրականացած էին Ճափոնի, Վիեթնամի մէջ եւ այլուր: Ժապաւէնին մէջ դեր վերցուցած էր ջարդերէն վերապրող մը:

Երկրորդը` «Ռուանտա պանդոկ»-ն է, «Hotel Rwanda», պատրաստուած 2004-ին, որ կը ներկայացնէ Ռուանտայի մէջ 1994-ին տեղի ունեցած ցեղասպանական այլ ոճիր մը, երբ հութու եւ թութսի ցեղախումբերուն միջեւ շուրջ 3 ամիս տեւած բախումները իրենց ետին ձգեցին շուրջ 800.000 զոհ, մեծ մասը` թութսիներէն:

Հաւանաբար Ուքրանիան ալ կը սպասէ ի՛ր ողբերգութիւնը արդարօրէն ներկայացնողներու: Կան ուրիշներ ալ…

* * *

Բնականաբար չենք կրնար անտեսել հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնները (միայն 1915-ի փուլը չէ, այլ նաեւ` մինչեւ օրս շարունակուողները, վերջինը` Արցախի հայաթափումը, անկէ առաջ` 44-օրեայ պատերազմին արձանագրուած սպանդը…): Հանրի Վեռնէօյի «Մայրիկ»-էն մինչեւ Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ»-ն ու այլ ժապաւէններ լայն արձագանգ գտած են շարժապատկերի աշխարհին ու միջազգային բեմին վրայ (կայ նաեւ Մարտիկանեանին վերայայտնուած հի՜ն ժապաւէնը), սակայն պէտք է ընդունինք, որ «Killing Fields»-ը զգեցած է այլ հասկացողութիւն, ինչպէս ըսինք, դարձած է պետական ոճիրներու մէկ (նորագոյն) խորհրդանիշը, երկու բառով կը բացատրեն աշխարհի այս կամ այն երկրին մէջ տեղի ունեցած-ունեցող հաւաքական սպանդները:

Այսօր հարց կը ծագի, թէ ո՞վ պիտի յանդգնի Իսրայէլի «Killing Fields»-երուն մասին ժապաւէն պատրաստել եւ աշխարհին ներկայացնել` ցոյց տալու, թէ փոլփոթերու արիւնահետք ժառանգութիւնը կը վերապրի նեթանիահուներու եւ գործակիցներուն մէջ, Կազան ու Լիբանանը դարձած են մեր օրերու «Killing Fields»-երը: Նմանապէս` Արցախն ու Թուրքիոյ դրացի այլ երկիրներ:

Վաւերագրական ժապաւէններու պատրաստութիւնը (որոշ փորձեր եղած են ու կ՛ըլլան) բաւարար չէ: Պէտք է կասեցնե՛լ սպանդն ու աւերը, այլ գործնական քայլեր առնել` զսպելու եւ ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու ոճրագործ պետական մարդիկը: Հոս տեղը չէ երկար-բարակ պատմելու, թէ միջազգային ինչպիսի՛ վատ խաղեր ու միջամտութիւններ տեղի ունեցան «Կարմիր խմերներ»-ուն իշխանութեան հասնելուն մէջ, բայց գոնէ պէտք է նշենք, որ ոճրագործ վարչախումբը տապալեցաւ Վիեթնամի զինուորական միջամտութեան ճամբով (հոն ալ չմտնենք պատմական ծալքերու մէջ), անոր պարագլուխները դատական հետապնդումի ենթարկուեցան: Նոյն ճակատագիրին մատնուեցան Հիթլերն ու գործակիցները, նոյնը` հաւաքական սպանդ սարքող այլ վարչախումբերու անդամներ…

Կասեցումի եւ պատժամիջոցներու բացակայութեան, «Killing Fields»-երը պիտի կրկնուին, իսկ զանոնք քաջալերողները պիտի դասուին նոյնինքն ոճրագործներուն շարքին:  Մենք` հայերս, Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագեր,` չենք կրնար դիտող մնալ կասեցումի պայքարին դիմաց, որովհետեւ Արցախն ալ «Killing Fields» է, նոյն սպառնալիքը կախուած է ամբողջ Հայաստանի գլխուն:

16 նոյեմբեր 2024

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Ունկն Դիր, Տէ՛ր» (Հեղինակ` Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեան)

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ընդվզելէ Անդին` Գործ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?