Լոնտոնի Արսենալ ակումբը կը շարունակէ տարբերակներ փնտռել ակումբին յառաջապահ գիծը զօրացնելու ուղղութեամբ: Արսենալի ուշադրութիւնը գրաւած է Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Ռաֆինիան:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, լոնտոնեան ակումբը լրջօրէն կը դիտարկէ 27 տարեկան Ռաֆինիայի ձեռքբերման տարբերակը: Կը նշուի, որ Արսենալ պատրաստ է 90 միլիոն եւրօ վճարել ֆութպոլիստին համար:
Միւս կողմէ, Պարսելոնայի մարզիչ Հանզի Ֆլիք չի ցանկար կորսնցնել իր լաւագոյն մարզիկներէն մէկը:
Ռաֆինիա կրնայ դառնալ Արսենալի պատմութեան երկրորդ ամէնէն «սուղ» փոխանցումը Տեքլըն Ռայսէն ետք, որուն համար Արսենալ 116,6 միլիոն եւրօ վճարած էր Ուեսթ Համին:
Նշենք, որ Ռաֆինիա այս տարի դարձած է Պարսելոնայի խմբապետ եւ 17 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 12 կոլ ու կատարած 10 էսիսթ, ան իր ասպարէզի լաւագոյն օրերուն մէջ կը գտնուի: