Փեփ Կուարտիոլայի ապագան Մանչեսթըր Սիթիի հետ կը մնայ անորոշ: Անոր պայմանագիրի ժամկէտը կ՛աւարտի յառաջիկայ ամառ եւ յստակ չէ, թէ արդեօք ան կ՛երկարաձգէ՞ այդ պայմանագիրը, թէ՞ ոչ:
Ըստ «Ռելեվօ»-ի ակումբը յոյս ունի մինչեւ Նոր տարի Կուարտիոլայէն պատասխան ստանալ այս մասին: Մանչեսթըր Սիթիի ղեկավարութիւնը կը ցանկայ պարզաբանել իրավիճակը` պատրաստուելու համար յաջորդ տարեշրջանի նպատակներուն վրայ աշխատելու: Իլքայ Կիւնտողանի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի ամրան: Կը քննարկուին նաեւ Պեռնարտօ Սիլվայի, Ճոն Սթոնզի, Էտերսոնի եւ Քայլ Ուոքըրի ճակատագիրները:
Բացի ատկէ, սպանացի միջնապահ Ռոտրի չի բացառեր, որ կրնայ հեռանալ ակումբէն: Եւ ըստ երեւոյթին ան որոշած է, թէ ո՛ւր կ՛ուզէ շարունակել իր ասպարէզը:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ ակումբը քիչ մը անկայուն վիճակի մէջ է` նկատի ունենալով, որ դատական հարց ալ կայ Սիթիի դէմ, որ կրնայ նոյնիսկ դուրս ձգել բոլոր մրցաշարքերէն` խումբը փոխադրելով Բ. դասակարգ: Հաւանական է, որ Կուարտիոլա այդ դատին արդիւնքին սպասէ եւ յետոյ որոշէ, եթէ կ՛ուզէ մնալ, թէ ոչ: