Ինչպէս կը հաղորդէ «Կոլ» կայքը, Պրազիլի ֆութպոլի լաւագոյն յառաջապահներէն Ռոնալտօ կը ցանկայ ստանձնել Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը:
Այդ պաշտօնը թափուր կը մնայ Էտնալտօ Ռոտրիկեսի հեռանալէն ի վեր, մօտ մէկուկէս տարի առաջ: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 1 տարի աւելի կանուխ` 2025-ի գարնան:
Հետաքրքրականը այն է, որ Ռոնալտօ արդէն իսկ ծրագիր ալ ունի ընտրութիւններուն յաղթելու պարագային Փեփ Կուարտիոլան հրաւիրել դառնալու ազգային խումբի մարզիչ:
Յիշեցնենք, որ Կուարտիոլայի պայմանագիրը իր այժմու ակումբ Մանչեսթըր Սիթիի հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ ամրան: