Հայկական ծագումով ամերիկացի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարտիկ Ժան-Փոլ Պոսնոյեան (Լեպոանոյեանի) «Եու. Էֆ. Սի.»-ի գծով իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց: Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի. Ֆայթ Նայթ» մրցաշարքին, 27 տարեկան մարզիկը թեքնիք նաք-աութով գետին բերաւ իր անյաղթ ազրպէյճանցի մրցակից Ֆարման Հասանովը:
Մենամարտը տեղի ունեցաւ կիսամիջին կշիռի (մինչեւ 77 քկ) գծով: Առաջին իսկ վայրկեանէն, Պոսնոյեան հարուածներու մեծ առաւելութիւն ունէր իր մրցակիցին վրայ` բազմաթիւ առիթներով անոր գլխուն դիպուկ հարուածներ հասցնելով: Հայազգի մարտիկը կը տիրապետէր իր մրցակիցին վրայ, որ աստիճանաբար աւելի վնաս կը ստանար:
Առաջին երկու ռաունտերուն, իրաւարարներու քուէներու առաւելութիւն ունենալէ ետք, երրորդ ռաունտին մենամարտը դադրեցուեցաւ բժիշկի որոշումով, երբ ազրպէյճանցի մարտիկը դէմքին վրայ լայն պատռուածք ունէր եւ արիւն կը կորսնցնէր: Թեքնիք նաք-աութը արձանագրուեցաւ պաշտօնապէս 3-րդ ռաունտի 2-րդ վայրկեանի 11-րդ երկվայրկեանին:
Այս ձեւով Պոսնոյեան «Եու. Էֆ. Սի.»-ի իր յաղթանակներու շարքը հասցուց 3-ի, 3 մրցումներու ընթացքին: Անոր արհեստավարժ ասպարէզի ցուցանիշը այժմ կը կազմէ 12 յաղթանակ` 2 պարտութեան կողքին:
Հասանով, որ իր նախկին 5 մրցումներուն յաղթած էր, կրեց իր առաջին պարտութիւնը:


