Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը կ՛ուզէ ձեռք ձգել 17 տարեկան փորթուգալցի Ճիովանի Քենթան` Սփորթինկ Լիզպոնէն:
Անցեալ շաբաթ Սփորթինկի մարզիչ Ռուպեն Ամորիմ լքած էր ակումբը եւ միացած Եունայթըտին, եւ ըստ երեւոյթին, Ամորիմ կարիքը կը զգայ Քենթային, որ իր այժմու ակումբին հետ նշանակած է 2 կոլ, ինչպէս նաեւ կատարած է 2 էսիսթ: Քենթայի պայմանագրութեան մէջ կայ կէտ մը, որ եթէ մարզիկը իր պայմանագրութեան միջոցին կ՛ուզէ լքել կազմը, պէտք է իր փոխանցման գինով միասին 100 միլիոն եւրօ վճարէ այս պարագային Մանչեսթըր Եունայթըտ: