Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Ազգերու Լիկա. Հայաստան Յաղթեց Լաթվիոյ Մէջ Եւ Փլէյ-Օֆի Հասաւ

November 19, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի երեկոյեան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած Ազգերու լիկայի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, Հայաստան կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Լաթվիոյ մէջ, գրաւեց 2-րդ դիրքը եւ հասաւ Բ. կարգ բարձրանալու փլէյ-օֆի հանգրուան:

Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Հայաստանի ազգային խումբը բաւական «պաղ» կիսախաղէ մը ետք, Բ. կիսախաղին համեմատաբար աւելի լաւ խաղցաւ եւ 48-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց շնորհիւ Էտուարտ Սփերձեանի, որ օգտուեցաւ Լուքաս Զելարայեանի օդային փոխանցումէն եւ գլուխով նշանակեց անզսպելի հարուածով մը:

70-րդ վայրկեանին Ռոպերթց Ուլտրիքիս նշանակեց Լաթվիոյ հաւասարութեան կոլը կրունկով, խաբելով Սերկէյ Մուրատեանը, որ չնկատեց եղածը, երբ իր եւ մրցակիցի կռնակը բերդին ուղղութեամբ էր:

Հազիւ 3 վայրկեան անցած, Զելարայեան անակնկալ հարուածով մը գնդակը դպցուց Լաթվիոյ բերդի ձողին, ապա ներս ցատկելէ ետք վերստին դուրս եկաւ գնդակը, եւ հազիւ պաշտպան մը կը փորձէր հեռացնել զայն, վրայ հասաւ Արթուր Միրանեան, որ նշանակեց 2-1-ի կոլը:

Մրցումին պատկերը մնաց անփոփոխ եւ Հայաստան ձեռք ձգեց իր 7-րդ կէտը 6 մրցումներէն ետք` գրաւելով Բ. դիրքը Հիւսիսային Մակեդոնիոյ ետին, որ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆարօ կղզիները:

Ըստ Ազգերու լիկայի օրէնքին, Գ. կարգի 2-րդ դիրքը գրաւած խումբերը կը մրցին Բ. կարգի 3-րդ դիրքը գրաւող խումբերուն դէմ:

Այս պահու դրութեամբ, Բ. կարգի 4 խմբակներու երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Ալպանիա, Այիր, Սլովենիա եւ Իսլանտա: Փլէյ օֆի վիճակաձգութիւնները տեղի կ՛ունենան 22 նոյեմբերին, իսկ հանդիպումները` մարտ 2025-ին:

Սան Սիրոյի մէջ (Միլան), Իտալիա, որ անցեալ սեպտեմբերին Փարիզի մէջ 3-1 արդիւնքով անակնկալի բերած էր Ֆրանսան, իր կարգին անակնկալի մատնուեցաւ, երբ նոյն արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆրանսայի պահեստի մարզիկներէն: Ֆրանսայի մարզիչ Տիտիէ Տեշան ըստ երեւոյթին` համոզուած էր, որ Իտալիա առաւելութիւն ունէր իր դաշտին վրայ եւ վստահած էր մեծ մասամբ պահեստի մարզիկներուն, որոնք փաստեցին, թէ միշտ պատրաստ են հիմնական կազմէն խաղալու:

Ռապիօ (2) եւ Տինյը նշանակեցին ֆրանսացիներուն կոլերը: Գեղեցիկ էր Ֆրանսայի 2-րդ կոլը, երբ Ասթոն Վիլայի ձախ պաշտպան Լուքաս Տինյը ազատ հարուածով նշանակեց: Անոր հարուածը զսպուեցաւ բերդին ձողին կողմէ, բայց դէպի վար ուղղուած պահուն դպնալէ ետք Իտալիոյ բերդապահ Կիյելմօ Վիքարիոյի գլխուն զետեղուած էր բերդին մէջ: Անտրէ Քամպիասօ նշանակեց Իտալիոյ կոլը 35-րդ վայրկեանին, սակայն Ատրիան Ռապիօ 65-րդ վայրկեանին նշանակեց իր 2-րդ եւ Ֆրանսայի 3-րդ կոլը: Պէտք է ըսել, որ Իտալիա աւելի տիրապետեց, սակայն Ֆրանսա օգտագործեց իր առիթները:

Անգլիա 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Այիրը` օգտուելով Լիամ Սքէյլզի կարմիր քարտէն, որ պատճառ դարձած էր փենալթիի մը ստանալով` իր երկրորդ դեղին քարտը: Խմբապետ Հերի Քէյն նշանակեց փենալթին, որուն յաջորդեցին Կորտընի եւ Կալակըրի կոլերը յաջորդ 5 վայրկեաններուն: Աւելի ուշ Պոուըն եւ Հարվուտ-Պելիս աւելցուցին երկու այլ կոլեր ազգային խումբին շապիկով իրենց առաջին մրցումին:

Նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ իր ազգային խումբին հետ հեթ-թրիք իրագործեց Ղազախստանի դէմ (5-0) մրցումին:

Հետաքրքրական է Հաալանտի կոլերուն հաշիւը 24 տարեկանին, ուր հասաւ 278 կոլի: Նոյն տարիքին Մեսսի եւ Ռոնալտօ 197 եւ 132 կոլ նշանակած էին յաջորդաբար, եւ Հաալանտ արդէն իսկ իր ասպարէզի 25-րդ հեթ-թրիքը իրագործած է:

Ստորեւ` Ազգերու լիկայի կիրակի օրուան արդիւնքները.

Իսրայէլ – Պելճիքա 1-0
Իտալիա – Ֆրանսա 1-3
Աւստրիա – Սլովենիա 1-1
Անգլիա – Այիր 5-0
Ֆինլանտա – Յունաստան 0-2
Նորվեկիա – Ղազախստան 5-0
Լաթվիա – Հայաստան 1-2
Հիւսիսային Մակեդոնիա – Ֆարօ կղզիներ 1-0

Նախորդը

Սառոյցի Վրայ Պար. Ատելիա Պետրոսեան` Ռուսիոյ Ախոյեան

Յաջորդը

Աղբիւրներ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին. Թուրքիան Համասի Հետ Գերիներու Փոխանակման Գործարքի Մէջ Միջնորդ Չի Կրնար Ըլլալ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.