Ռուսիոյ ախոյեան Ատելիա Պետրոսեան Ռուսիոյ կրան փրիի 4-րդ մրցաշարքի ախոյեան դարձաւ սառոյցի վրայ պարի մրցումներուն:
Իր երկու ելոյթներուն համար Ատելիա 251,57 կէտ ձեռք ձգեց` հանգիստ առաւելութիւն ունենալով իր ամէնէն մօտ մրցակիցին` Տարիա Սատքովայի վրայ:
Ստորեւ` վերջնական դասաւորումը.
1.- Ատելիա Պետրոսեան – 251,57 կէտ
2.- Տարիա Սատքովա – 224,93 կէտ
3.- Քսենիա Կուշչինա – 212,79 կէտ