Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Սակարաններու ցուցանիշները նախագահ ընտրուելէս ի վեր կը բարձրանան, եւ ասիկա լուսաւոր կէտ է»:
Ան նաեւ նշեց. «Մենք պիտի զգուշանանք այն բանէն, որ մեր բանակին ու զինեալ ուժերուն հետ պատահեցաւ Աֆղանիստանի մէջ»:
«Ուքրանիոյ կացութեան հետ աւելի լաւ պիտի վարուինք», յայտարարեց Թրամփ:
Յիշեցնենք, որ ան Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու հարցով խոստումներ տուած էր:


