2023-2027 քառամեակի Կեդրոնական վարչութեան երկրորդ լիագումար նիստերը տեղի ունեցան չորեքշաբթի, 13 եւ հինգշաբթի, 14 նոյեմբերին, Երեւանի մէջ, Հայաստան:
Երկու օրուան վրայ երկարած նիստերը քննարկեցին` Պատգամաւորական ԺԳ. Ընդհանուր ժողովէն (հոկտեմբեր 2023) մինչեւ օրս իրագործուած գլխաւոր ձեռնարկները, «ՀՄԸՄ-ի Արցախ հիմնադրամ»-ի իրագործումները եւ Կեդրոնական վարչութեան եօթը յանձնախումբերու աշխատանքները:
Նիստերը արծարծեցին նաեւ յառաջիկայ երեք տարիներուն նախատեսուած համա-ՀՄԸՄ-ական ձեռնարկներու կազմակերպման ընթացքը (համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղեր եւ բանակում, ցամաքամասերու մարզախաղեր եւ բանակումներ, քարոզչական եւ երիտասարդական համագումարներ եւ այլն): Յատուկ օրակարգով քննութեան նիւթ դարձան` «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը, տնտեսական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք 2026-ի նաւապտոյտը եւ միութեան կայքէջի ու բջիջային հեռաձայնի յատուկ ծրագիրի արդիականացումը: