Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ յայտնեց. «Եւրոպան արմատական փոփոխութիւններու եզրին կը գտնուի: Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը փոխեց կացութիւնը, եւ յստակ է, որ Ուքրանիոյ վերաբերեալ եւրոպական ռազմավարութիւնը, որ յստակ կերպով ձախողեցաւ, չի կրնար շարունակուիլ»:
«Եւրոպական Միութեան ռազմավարութիւնը ոչ յարատեւ է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը փոխէ Ուքրանիոյ մէջ զարգացումներուն նկատմամբ Ամերիկայի ուղղութիւնը, եւ Եւրոպան անկարող պիտի ըլլայ առանձինը աջակցիլ ուքրանական բանակին», ըսաւ հունգարական դիւանագիտութեան պետը:
«Մենք կարիք ունինք Եւրոպայի ի շահ նոր ռազմավարութեան, որպէսզի մեզ հետաքրքրող խնդիրները մեր գլուխներուն վրայ կախուած չմնան», նշեց Սիարթօ: