Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Տակաւին Վիճելի Կէտերը Կը Գաղտնազերծէ. Երեւան Կ՛արձագանգէ

November 8, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուէն խաղաղութեան համաձայնագիրի տակաւին վիճելի կէտերը գաղտնազերծած են, Երեւանը ո՛չ կը հերքէ, ո՛չ կը հաստատէ անոնց իսկութիւնը:

Անոնցմէ երկուքը, ըստ Ալիեւի կառավարութենէն ֆինանսաւորուող վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Ֆարիտ Շաֆիեւի, կը վերաբերին հայ-ազրպէյճանական սահմանէն Եւրոպական Միութեան դէտերու դուրս բերման եւ Հայաստանի հետ իրաւական վէճերու բացառման:

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան, անդրադառնալով Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն մօտ եղող փորձագէտի պնդումներուն, յայտարարեց. «Քանի որ այս պահուս բանակցութիւններ կ՛ընթանան, ես ճիշդ չեմ նկատեր ամբողջութեամբ բանալ, թէ ինչի շուրջ կ՛ընթանան քննարկումները, սակայն այո՛, ինչպէս նշեցի, կան չհամաձայնեցուած կէտեր, եւ անոնց շուրջ քննարկումները պիտի շարունակուին»:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ Հայաստանի համար ընդունելի՞ է համաձայնագիրի կնքման պարագային Եւրոպական Միութեան դէտերու դուրս բերումը, արտաքին գործոց փոխնախարարը յայտնած է. «Այս պահուս Հայաստանի Հանրապետութիւնը, քանի տակաւին մենք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հետ չսահմանազատուած սահման ունինք, քանի տակաւին գոյութիւն ունին խնդիրներ, կը գտնէ, որ Եւրոպական Միութեան դէտերու ներգրաւումը Հայաստան-Ազրպէյճան միջպետական սահմանին  անվտանգային ու կայունութեան կարեւոր նշանակութիւն ունի»:

Անդրադառնալով դիւանագիտական վէճերու առնչուած հարցումին` ան արձագանգած է. «Ընդհանուր հոլովոյթի եւ ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ պէտք է նայիլ: Հայաստանի Հանրապետութեան համար կան նաեւ այս համաձայնագիրէն դուրս շատ կարեւոր հարցեր, ներառեալ մարդասիրական հարցեր, որոնք հասցէագրման կարիք ունին»:

Կոստանեան վստահեցուցած է, թէ բանակցուող փաստաթուղթին մէջ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարց չկայ:

Ըստ Շաֆիեւի, տակաւին վիճելի մնացող երրորդ կէտն ալ կը վերաբերի Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան: Մինչդեռ, արտաքին գործոց փոխնախարար Կոստանեան վստահեցուցած է, թէ բանակցուող փաստաթուղթին մէջ նման կէտ չկայ:

«Հայաստան Ազրպէյճանի հետ չի խօսիր Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին», յայտարարած է Կոստանեան:

Նախորդը

Աուալի – Սայտա Անցարգելին Մօտ` Իսրայէլեան Յարձակումի Հետեւանքով 3 Քաղաքայիններ Զոհուեցան Եւ 3 Բանակայիններ Ու ՖԻՆԻՒԼ-ի 4 Անդամներ Վիրաւորուեցան

Յաջորդը

«Շաղզոյեան» Կեդրոնին Մէջ. Քննարկում` Յառաջիկայ Փուլին Լիբանանահայութեան Դիմագրաւելիք Ընկերային Հաւանական Դժուարութիւններուն

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.