Թեհրանը կողմնակից է շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացման, սակայն հաշուի առնելով Հայաստանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:
Այս մասին Կապանի մէջ «Հայաստան-Իրան. համագործակցութիւն եւ հեռանկարներ» խորհրդաժողովի ծիրին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի:
«Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները յստակ հիմք ունին, մենք դրացիներ ենք, դարեր շարունակ ապրած ենք կողք-կողքի եւ ունինք շատ լաւ յարաբերութիւններ: Եւ ես չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը քայլ պիտի կատարէ երկու երկիրներու ժողովուրդներու շահերուն դէմ», ըսած է Իրանի դեսպանը: