Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նկատելիօրէն արագացուցած է Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան արեւմտամէտ կառոյցներու խթանման ուղղութեամբ աշխատանքը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը:
Կառոյցին պնդումով` Միացեալ Նահանգները կ՛ուզեն վերջնականապէս Հայաստանը վերակողմնորոշել դէպի զարգացման արեւմտամէտ ուղղութիւն` առաջնորդուելով Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի մէջ փորձարկուած տարազներով:
«Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած այսպէս կոչուած քաղաքակիրթ համայնքին միանալու «բարձր նպատակին» հասնելու համար հայ ժողովուրդը, ինչպէս Ուաշինկթընի մէջ կը կարծեն, ստիպուած պիտի ըլլայ վճարել սեփական աւանդութիւններէն եւ ազգային ընկերային հիմքերէն հրաժարումով: Այսպիսով, Ուաշինկթըն յամառօրէն Հայաստանը կը մղէ դէպի ազգային «անձնասպանութիւն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:


