Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Կ՛ուզենք, Որ Ազրպէյճանի Պատմական Նուաճումները Ամրապնդուին Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրման Միջոցով»

Նոյեմբեր 7, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուի:

ԱԶԵՐԹԱՔ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահը Պիշքեքի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան պետութիւններու ղեկավարներու 11-րդ վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է արցախեան երկրորդ պատերազմին:

«Մենք յոյսով ենք եւ կ՛ուզենք, որ Ազրպէյճանի պատմական նուաճումները, որոնք ձեռք բերուած են նահատակներու կեանքին գնով, ամրապնդուին բանակցութիւններու սեղանին շուրջ` խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման միջոցով», ըսած է Էրտողան:

ԱՓԱ հաղորդեց, որ Պիշքեքի մէջ ընթացող Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախագահի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:

Անոնք անդրադարձած են Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ՔՈՓ29 կլիմայական խորհրդաժողովին, շարք մը ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման:

Նշենք, որ երէկ Խըրխըզիստանի մայրաքաղաքին մէջ սկսաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 11-րդ վեհաժողովը:

Վեհաժողովի հիմնական նիւթն է` «Թրքական աշխարհի ուժեղացում` տնտեսական համարկում, կայուն զարգացում, թուային ապագայ եւ անվտանգութիւն բոլորին համար»:

Վեհաժողովին մասնակցեցան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ դիտորդ երկիրներու ներկայացուցիչներ:

 

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Սիթի Եւ Ռէալ Պարտուեցան

Յաջորդը

Հայաստանի Դեսպանը Պիտի Մասնակցի Այսօր Մոսկուայի Մէջ ԱՊՀ-ի Անդամ Երկիրներու Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարներու Նիստին

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?