Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է իր վրայ: Միացեալ Նահանգներ իրենց ռազմական գերակայութեամբ, տնտեսական ուժով, տոլարին ունեցած դիրքով իբրեւ համաշխարհային ելեւմտական գործողութիւններու տիրապետող միջոց, դարձած են միջազգային քաղաքական ասպարէզին մէջ ուղենիշ որոշող գործօն: Միջազգային ոստիկանութիւն եւ միջազգային դատախազութիւն: Ամերիկացի ժողովուրդի կատարած ընտրութիւնը կը շահագրգռէ աշխարհի շատ պետութիւններ եւ բազմաթիւ աշխարհամասեր: Հոն, ուր տագնապ կայ, Միացեալ Նահանգներ ներկայ են, ուղղակի իրենք կամ իրենց դաշնակիցներուն միջոցով:
Ճի՞շդ է արդեօք, որ ընտրուող նախագահէն կախում ունի այս կամ այն տագնապին լուծումը եւ պատերազմներու աւարտը: Յայտնի է, որ ամերիկացի ընտրող քաղաքացիներու ճնշող մեծամասնութիւնը գաղափար իսկ չունի այդ մահաբեր տագնապներուն մասին: Ամերիկացին իր ընտրութիւնը կը կատարէ տեղական տուեալներէ մեկնելով. աշխատանքի հնարաւորութիւն, նիւթական շահ, ապրանքներու գիներ, սղաճ, բարեկեցութեան բարելաւում եւ այլ նմանատիպ իրողութիւններ: Առաւելագոյնը` քիչ մը ներքին ապահովութիւն եւ վերջերս մտահոգութեան վերածուած սանձարձակ ներգաղթ:
Նախագահի անձնաւորութիւնը կը հետաքրքրէ աւելի շատ արտաքին աշխարհը, քան ներքինը: Ինչո՞վ կը տարբերին իրարմէ Միացեալ Նահանգներու երկու մեծ կուսակցութիւնները, որոնք կը թուի, որ միակն են ամբողջ երկրի տարածքին: Գրեթէ ոչինչով: Կ՛ըսեն, որ դեմոկրատականները (Քամալա Հարիս) աւելի ազատական են, մինչ հանրապետականները (Տոնալտ Թրամփ)` աւելի պահպանողական: Շատ դժուար է, չըսելու համար անկարելի, մէկուն ազատականութեան եւ միւսին պահպանողականութեան միջեւ էական տարբերութիւն նշել: Ով ալ ըլլայ նախագահը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին ու ռազմական քաղաքականութիւնը կը հպատակի պետութեան շահերուն վրայ հիմնուած վարքագիծի մը, որ կը սահմանուի «խորքային պետութիւն» կոչուած հիմնարկութեան մը կողմէ: Ճշդուած քաղաքականութեան գործադրութեան ժամանակ, նախագահի անհատականութիւնն ու նախասիրութիւնները կրնան որոշ դեր խաղալ: Այդքան միայն:
Տոնալտ Թրամփ կը հաւաստիացնէ, որ նախագահ ընտրուելու պարագային անմիջականօրէն պիտի դադրեցնէ պատերազմները: Թէ ինչպէ՞ս, ինք միայն գիտէ: Հեռախօսով կը կապուի Արամ Ա. կաթողիկոսին ու կը վստահեցնէ, որ զօրավիգ պիտի կանգնի Արցախի գաղթական ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքին: Կը մեղադրէ Քամալա Հարիսը, որ արցախցիներու բռնագաղթը արգիլելու համար քայլերու չէ դիմած: Բայց կը մոռնայ, որ 2020-ի աշնան քառասունչորսօրեայ պատերազմը դադրեցնելու համար ոչինչ ըրած էր եւ յայտարարած` տեսնենք որքան պիտի դիմանայ Հայաստանը:
Քամալա Հարիս, որ փոխնախագահ է ու գործակից Ճօ Պայտընի, զգուշացած է հայկական հարցերով որեւէ յայտարարութիւն կատարելէ: Կազայի եւ Լիբանանի գծով կ՛ուզէ բախումները դադրեցնել, գերիները ազատագրել, գաղթականները իրենց շրջանները վերադարձնել ու պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքները ապահովել: Այս բոլորը Պայտընն ալ ուզած էր, սակայն շարունակած ասոնք ժխտող Իսրայէլի կառավարութեան զօրավիգ կանգնիլ:
Մեր ժողովուրդը կ՛ըսէ, որ խօսքով ապուր չ՛եփիր: Խօսքը փուճ է, եթէ անոր չհետեւի համապատասխան գործը: Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի հաղորդագրութիւնը յստակօրէն կը բացայայտէ, որ երկու թեկնածուներուն ալ գործունէութիւնը եւ կեցուածքը Հայաստանին, Արցախին ու հայութեան առնչուած հարցերուն գծով գոհացուցիչ չէ եղած: Հայութիւնը ընդհանրապէս, ու ամերիկահայ ընտրողը յատկապէս, մէկը միւսէն աւելի նախընտրելու պատճառ չունի. երկու թեկնածուները Հայաստանով շահագրգռուած են այնքանով, որքանով իրաւազրկուած ու իրաւազրկուող այս երկիրը կրնայ Արեւմուտքի աշխարհաքաղաքական նպատակներուն ծառայել:
Այս տողերը գրուած ատեն ընտրութիւնը ընթացքի մէջ է: Արդիւնքի մասին նախատեսութիւն կատարել չենք կրնար: Ինչ ալ ըլլայ ընտրութեան արդիւնքը, մենք պէտք չէ կորսնցնենք մեր զգօնութիւնը եւ չմոռնանք, որ մեր բարդ հարցերուն լուծման առաջնորդող հիմնական գործօնը մենք ենք. մենք պիտի որոշենք մեր ուղին, մենք միասնական ու վճռական պիտի քալենք մեր ուղիով: