Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարսափ Եւ Զգուշութիւն

Նոյեմբեր 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հիթլերի կողմէ հրեաներուն նկատմամբ գործադրուած հալածանքներուն մասին լսած էք վստահաբար: Ամբողջ Եւրոպայի մէջ հրեաները չընդունելու, հրեաներէն զգուշացնելու, սարսափեցնելու, հեռու մնալու, զանոնք վռնտելու մթնոլորտը գրուած է պատմութեան մէջ, ներկայացուած է ժապաւէններուն ընդմէջէն, այս մասին կան անձնական յուշագրութիւններ եւ այլն:

Պատերազմական այս օրերուն, դժբախտաբար, Լիբանանի մէջ շիի համայնքին նկատմամբ ալ նման հալածանք մը, սարսափ ու վախ ստեղծած են:

Այսօր Լիբանանի մէջ որոշ շրջանակներ սկսած են մերժել տեղահանուածները, որոնց նկատմամբ կասկած կայ, որ ըլլան հրեաներու թիրախ:

Շէնք, շրջան եւ ամէն տեղ անոնց ներկայութիւնը տեսակ մը անբաղձալի եղած է, եւ այդ մէկը ստեղծեց նոյնինքն հրէական քարոզչութիւնը, թէ՛, ըստ իրեն, Հըզպալլայի ղեկավարներ որսալու համար եւ թէ՛ ալ ներքին քրիստոնեայ-իսլամ բախում յառաջացնելու նպատակով:

Ըստ երեւոյթին, անխուսափելի են բախումները, որովհետեւ ռումբերուն սարսափն ու զգուշութիւնը կը ստիպեն հակազդեցութիւններ ունենալ տեղահանուածներուն նկատմամբ:

Բոլորն ալ զինեալներ չեն: Բոլորն ալ Հըզպալլայի անդամ չեն: Այո՛, կրնան համակիր ըլլալ, կրնան ազգական ունենալ կուսակցութեան մէջ, սակայն կան` տարեցներ, կիներ, երեխաներ, ուսուցիչներ, դասախօսներ, մտաւորականներ, կան ազատ ասպարէզի մէջ գործող յարգելի անձնաւորութիւններ, կարելի չէ բոլորն ալ նոյն ջուրով լուալ: Համայնք մը ամբողջ անբաղձալի դարձնելու այս ճիգը լաւ չէ:

Այս մթնոլորտը միջհամայնքային լարուածութիւն կը ստեղծէ:

Ընդհակառա՛կն, հիմա ատենն է դրսեւորելու հանդուրժողականութիւն եւ համայնքներուն հետ գոյակցութիւն: Պէտք է առաւելագոյն չափով հանդուրժող ըլլալ եւ հասկնալ, որ Նեթանիահուի կառավարութեան, վարչակարգին գլխաւոր նպատակներէն մէկը անպայման ներքին բախումներով իր ծրագիրը ամբողջացնելն է:

Այս սարսափը եւ իրարանցումը տեղ մը այդ նպատակին կը ծառայեն, եւ պէտք չէ թոյլ տալ նման երեւոյթներու զարգացումը:

Ամբողջ համայնք մը չհանդուրժելու եւ անոր անբաղձալի ըլլալը զգացնելու իրավիճակը կրնայ ներքին բախումներու դուռ բանալ: Անպայման քրիստոնեայ-իսլամ կրնայ չըլլալ, շիի եւ սիւննի համայնքներուն մէջ իսկ այս մթնոլորտը ծայր աստիճան սրած է եւ դարձած` մտահոգիչ:

Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն տասնեակ տարիներ ետք, Լիբանան դարձեալ ներքին համայնքային բախումներու սեմին է, եթէ խելացի, հանդարտ, հանդուրժող կեցուածք չդրսեւորուի եւ թշնամիին ծրագիրը կասեցնելու ճիգ ի գործ չդրուի:

Պահ մը երեւակայեցէք տեղահանուածներուն հոգեվիճակը… տուն, տեղ, գիւղ, գործ, դպրոց ձգած` արմատահան եղած են, այս բոլորին վրայ ալ անբաղձալի ըլլալու մօտեցումը, կասկածները, անհանդուրժող մթնոլորտը կ՛ապրին: Այս իրավիճակը անպայման սխալ տեղ պիտի տանի լիբանանեան փողոցը:

Իւրաքանչիւր լիբանանցի ընելիք ունի, եւ անպայման հեռանկար պէտք է ունենանք, որպէսզի գալիք Լիբանանը համակեցութեան եւ համերաշխութեան մէջ բարգաւաճի:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահը Աշխարհի Նախագահը Չէ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?