Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Նոյեմբեր 6, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Մենք Ենք Մեր Լեռները» Յուշարձանի Տեղադրման Օրուան Առիթով Ստեփանակերտի Քաղաքապետը Մտահոգ Է Անոր Ճակատագիրով

Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեան անդրադարձաւ «Մենք ենք մեր լեռները» յուշարձանի տեղադրման օրուան եւ գրառումով մը լուսարձակի տակ առաւ անոր մտահոգիչ ճակատագիրը:

«Այն, ինչ անում է Ազրպէյճանը Ստեփանակերտում, մշակութային զտում է: Աւերելով Ստեփանակերտի հին թաղամասերը` նա փորձում է Ստեփանակերտից հայկական հետքը ջնջել: Մեր քաղաքի պատմական դիմագիծը վերացւում է միջազգային հանրութեան աչքի առաջ: Քաղաքակիրթ աշխարհն էլ լուռ հետեւում է մի ամբողջ քաղաքակրթութեան վերացմանը… Հերթական անգամ համամարդկային արժէքները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը ստորադասւում են քաղաքական շահերին: Մինչեւ ե՞րբ… Ի դէպ, այսօր «Մենք ենք մեր լեռները»` բոլորին յայտնի «Տատիկ-Պապիկ» յուշակոթողի տեղադրման օրն է: Այն Արցախի գլխաւոր խորհրդանիշն է, որի ճակատագիրը եւս մշուշոտ է` հաշուի առնելով Ազրպէյճանի հայասպան քաղաքականութիւնը», գրած է Սարգսեան:

Ստեփանակերտի Քերոլայն Քոքսի Անուան Վերականգնողական Կեդրոնը Վերաբացուած Է Հայաստանի Մէջ

Ստեփանակերտի Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնը վերաբացուեցաւ Հայաստանի մէջ: Անիկա շահագործման պիտի յանձնուի 2025 թուականին:

Հոկտեմբեր 30-ին կեդրոնի վերաբացումն էր, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, եւ արարողութիւնը կատարուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի օրհնութեամբ:

Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի նախագահ Վարդան Թադեւոսեան նշեց, որ վերաբացումը հրամայական դարձած է 2023 թուականին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած վառելանիւթի կայանի պայթումէն ետք: Անկէ ետք` 1 տարուան ընթացքին, արդէն Հայաստանի մէջ աւելի քան 200 արցախցիի այցելած ու օգնութիւն ցուցաբերած են, 60-էն աւելի տուժածներ ալ տեղաւորած են Այրուածքաբանութեան կեդրոնին մէջ:

«Բնոյթով եւ կառուցուածքով պիտի տարբերի այս կեդրոնը, բայց չեմ կարծեր, թէ աւելի քիչ մարդոց պիտի աջակցինք: Արցախի մէջ մենք տարեկան աջակցութիւն կը ցուցաբերէինք 2000-է աւելի ծանր հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց 500-ը տնային, իսկ 1500-ը` հիւանդանոցային տարբերակով», նշեց Թադեւոսեան:

Յիշեցնենք, որ Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնը 25 տարի շարունակ գործած է Ստեփանակերտի մէջ:

Լոյս Տեսաւ Հերմինէ Աւագեանի «Կապոյտ Տանիքներ» Գիրքը

Հերմինէ Աւագեանի «Կապոյտ տանիքներ» գիրքը ժողովածու մըն է բանաստեղծութիւններու, որոնք ծնունդ առին Արցախի շրջափակման եւ տեղահանութեան օրերուն:

Գիրքին խմբագիրը բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանն է: Անիկա հրատարակուած է «Արմաւ» հրատարակչութեան կողմէ:

Գիրքին շնորհահանդէսին առիթով խօսքեր արտասանեցին` «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, գրականագէտ Արմէն Աւանէսեան, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան, գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեան, արձակագիր Ծովինար Խաչատրեան, երիտասարդ բանաստեղծ Արմէն Աւօ, բանաստեղծ Դաւիթ Մշեցի եւ գրականագէտ Նանար Սիմոնեան: Նիւ Եորքի համալսարանի դոկտոր, գրող Հրանդ Մարգարեանի խօսքը կարդաց Սիփան Զադոյեան:

Գրական երեկոյին ընթացքին կարդացուեցան Հերմինէ Աւագեանի բանաստեղծութիւններէն, զորս կարդացին դերասաններ Շողեր Սարգսեան եւ Սիփան Զադոյեան, հնչեցին երգեր` Երեւանի երաժշտանոցի ուսանողներուն կատարողութեամբ:

Ներկայ էին Արցախի ու Հայաստանի գրական ընտանիքներու անդամներ եւ ընթերցողներ:

Նշենք, որ գիրքը Միացեալ Նահանգներու մէջ արժանացած է «Libra 6» գրական մրցանակին, որ ստանձնեց նաեւ գիրքին հրատարակութեան մեկենասութիւնը:

«Ապառաժ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Աւագեան ըսաւ հետեւեալը. «Ես ամէն օր ժամերով կը նայիմ Երեւանի իմ պատուհանէս եւ կը փորձեմ կապոյտին մէջ գտնել մեր գիւղին տանիքները: Եւ կը տեսնեմ զանոնք` կապոյտ, ինչպէս երազանքը, կապոյտ, ինչպէս` վերադարձի հաւատքը եւ խաղաղութեան չմարող ձգտումը… Բացէք գիրքը, եւ տանիքները ձեզի պիտի պատմեն, թէ ի՛նչ կը զրուցէին ինծի հետ…»:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ն Մտահոգ Է Արցախի Մէջ Մշակութային Արժէքներու Ոչնչացման Մասին Զեկոյցներով

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակոյթի եւ արտակարգ իրավիճակներու կազմակերպութեան տնօրէն, 1954-ի Լա Հէյի ուխտին եւ անոր երկու արձանագրութիւններու (1954 եւ 1999 թուականներ) քարտուղար Քրիսթա Փիքաթ «Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Արցախ արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը գտնուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ուշադրութեան կիզակէտին. կառոյցը մտահոգուած է տարբեր ծագում ունեցող եւ տարբեր տեսակի մշակութային արժէքներու ենթադրեալ ոչնչացման մասին զեկոյցներով:

Ան այս հաստատումը կատարեց` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ դիրքորոշում ունի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն այն մասին, որ սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի դէմ սանձազերծուած ռազմական յարձակումէն ետք Ազրպէյճան ամբողջութեամբ իր տիրապետութեան տակ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը եւ սկսաւ համակարգուած կերպով ոչնչացնել տեղւոյն հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:

Փիքաթ մանրամասնութիւններ տալով` յայտնեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնը եւս վերջին հակամարտութեան ընթացքին փափաք յայտնեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի թեքնիք առաքելութիւն մը ուղարկել տարածաշրջան` գնահատելու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ` կարիքներն ու այն, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ինչպէ՛ս կրնայ օգնել պահպանելու եւ պաշտպանելու այս բազմազան ժառանգութիւնը:

«Համապատասխան կողմերուն հետ բարձրագոյն մակարդակի բանակցութիւններ կատարուեցան` առաքելութիւն ուղարկելու համար: Այժմ, երբ իրավիճակը փոխուած է, այս առաքելութիւնը այլեւս չի կրնար ուղարկուիլ Լա Հէյի 1954-ի «Զինեալ բախումներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» ուխտին համաձայն: Մենք հիմա Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ կը քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աջակցիլ անոնց», դիտել տուաւ Փիքաթ:

Ան աւելցուց, թէ` նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը ստիպուած եղած է փախուստի դիմելու եւ հաստատուելու Հայաստան, նախորդ տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն գլխաւոր տնօրէնի մշակոյթի գծով օգնականին գլխաւորութեամբ առաքելութիւն ուղարկեց Հայաստան` առաջարկելու կառոյցին աջակցութիւնը եւ օգնութիւնը ու իմանալու, որ թէ անոնց կարիքները բաւարարուա՞ծ են` թէ՛ կրթական եւ թէ՛ ընկերային-հոգեբանական առումներով:

«Բացի այդ` ուղարկուած առաքելութիւնը նաեւ փորձեց հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աջակցիլ, օրինակ, ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, այն կենդանի ժառանգութեան, որ ունին այս համայնքները: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ համայնքը իրական կերպով քննարկէ, թէ որո՛նք են իր սովորութիւնները եւ աւանդութիւնները, զորս պահպանելու կարիք ունի», նշեց Փիքաթ` ընդգծելով, որ անհրաժեշտութեան պարագային, եթէ կան աւանդութիւններ, որոնք անհետացման եզրին են, կարելի է նաեւ փնտռել միջոցներ` զանոնք պահպանելու համար:

Ըստ Փիքաթի, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն շատ կը փափաքի աշխատիլ այս համայնքներուն եւ, անշուշտ, իշխանութիւններուն հետ` մշակոյթի ոլորտին մէջ կազմակերպութեան գործունէութեան ծիրին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները թոյլ տան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի դիտորդական խումբին ծանօթանալու եւ վերահսկողութեան տակ պահելու հայկական այն մշակութային ժառանգութիւնը, որ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած է Արցախի մէջ ան կրկնեց, որ կառոյցը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ քննարկումներու մէջ է:

«Կ՛ուզէի նաեւ նշել, որ այժմ 1954-ի Լա Հէյի ուխտը ունի դիտարկման ժամանակաւոր գործիքակազմ մը, որ կրնայ գործարկուիլ որեւէ անդամ պետութեան մը կողմէ: Այնպէս որ, անիկա նաեւ անդամ երկիրներու եւ կոմիտէի որոշումն է, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕն ինչպէ՞ս կրնայ ներգրաւուիլ եւ աջակցիլ երկիրներուն», եզրափակեց Փիքաթ:

«Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ը Կը Քննադատէ Պարտադիր Տեսանկարահանման Մասին Հայաստանի Օրէնքը

«Հիումըն ռայց ուոչ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը քննադատեց պարտադիր տեսանկարահանման մասին Հայաստանի օրէնքը, որով փողոցներուն, ինչպէս նաեւ պետական ու սեփական հաստատութիւններուն մէջ տեղադրուած տեսախցիկներուն թիւը պէտք է մեծապէս աւելցուի, եւ անոնց տուեալները պէտք է հասանելի ըլլան ոստիկանութեան:

Յունիս 2024-ին Ազգային ժողովին կողմէ առաջին ընթերցումով հաստատուած այս օրէնքը, ըստ կազմակերպութեան, «Անհիմն է եւ կ՛ոտնահարէ անձնական կեանքի ու շարք մը այլ ազատութիւններ»:

«Համատարած տեսահսկումը անխուսափելիօրէն պատճառ պիտի դառնայ մարդոց անձնական կեանքը ներխուժելու եւ չի կրնար ժողովրդավարական երկրի մը մէջ հանրային ապահովութիւնը բարելաւելու համար անհրաժեշտ միջոց նկատուիլ», նշեց « «Հիումըն ռայց ուոչ»-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով տնօրէն Կէորկի Կոկիա:

Արցախի Լրագրողներ` «Հակամարտութեան Լրագրութեան Դրուագներ» Ցուցահանդէսին

Վերջերս արցախցի խումբ մը լրագրողներ ներկայ գտնուեցան «Լոֆթ Իջեւան»-ին մէջ ներկայացուած ցուցահանդէսին, որ Արցախի հակամարտութեան լուսաբանութեան վերաբերեալ 30 տարիներու ընթացքին հայկական լրատուամիջոցներուն գործունէութիւնը կը ներկայացնէ:

«Լրատուն» լրատուական թանգարանի հինգերորդ նախագիծը ցուցադրութենէն առաջ լրամշակուած է: Ներառուած են նաեւ վերջին մէկ տարուան իրադարձութիւնները` Արցախի շրջափակումը եւ բռնի տեղահանութիւնը ներկայացնող նիւթեր:

Ըստ «Մեդիա նախաձեռնութիւնների կենտրոն»-ի ծրագիրի ղեկավար Մանէ Գրիգորեանին ցուցահանդէսի ներկայացուած են նաեւ բացառիկ, տակաւին չհրապարակուած, Արցախի հակամարտութեան բնաբանով հարցազրոյցներ, տպագիր մամուլի օրինակներ, լուսանկարներ, յօդուածներ, արխիւային տեսանիւթեր, ռատիոհաղորդումներ, վաւերագրական ժապաւէններ, մալթիմետիա նախագիծներ:

Քանի մը օրեր առաջ ցուցահանդէսը այցելողները կարելիութիւնը ունեցան դիտելու արցախցի լրագրող Մարիամ Սարգսեանի` «Վերջին արցախցիները» ժապաւէնը, որ շրջափակման ամբողջ ծանրութիւնը յաղթահարած ուժեղ մայրերու մասին է:

Սիւնիքի Մարզպետը Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան 29 հոկտեմբերին ընդունեց  Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինեին եւ Ֆրանսայի Օվերնեը-Ռոն-Ալփ շրջանի փոխնախագահ Թիերի Քովաքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն շրջանի 6 քաղաքներու քաղաքապետներ ու  փոխքաղաքապետներ, յայտնեցին Սիւնիքի մարզպետարանէն:

Նշուեցաւ, որ մարզին ու Օվերնեը-Ռոն-Ալփ շրջանին միջեւ համագործակցութիւնը նոր փուլ կը մտնէ` արդէն երկու կողմի համայնքներու մակարդակով, իբրեւ շարունակութիւն 2023-ի գարնան Սիւնիքի ու Ֆրանսայի այս շրջանին միջեւ Տաթեւի մէջ կնքուած համագործակցութեան համաձայնագիրին:

Մարզի իւրաքանչիւր համայնք «քոյրանալու» գործընթացի սկսած է Օվերնեը-Ռոն-Ալփի քաղաքներէն մէկու հետ:

Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան ողջունեց բարեկամ շրջանին պատուիրակութեան անդամներն ու Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը` շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար: Ըստ անոր, հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձրագոյն մակարդակի վրայ, իսկ այդ հանդիպումով  աննախադէպ ապակեդրոնացեալ համագործացութեան հիմք կը դրուի, ինչ որ երկար պիտի շարունակուի` ի շահ երկու ժողովուրդներուն:

Ռոպերթ Ղուկասեան նաեւ ըսաւ, որ արդէն մէկ տարի է` երկու կողմերուն միջեւ  բազմաթիւ աշխատանքային քննարկումներ տեղի ունեցան` համագործակցութիւնը ի սկզբանէ դնելու մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ:

Թիերի Քովաքս յիշեցուց, որ երկու մարզերուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրի ծիրին մէջ համագործակցութիւնը հիմնականօրէն կը զարգանայ առողջապահական, տնտեսական, գիւղատնտեսական,  մասնագիտական կրթութեան ոլորտներուն մէջ:

Դեսպանը այցելութիւնը կարեւոր նկատեց համագործակցութեան խորացման համար` զայն համարելով  հայ-ֆրանսական բարեկամութեան եւ համերաշխութեան յաւելեալ դրսեւորում մը: «Մեր աջակցութիւնը Հայաստանին լիակատար է ու առանց նախապայմաններու, եւ Սիւնիքը այն մարզն է, ուր առաւելագոյնս տեսանելի է այդ աջակցութիւնը», յայտնեց դեսպանը:

 

 

 

 

Նախորդը

Շուշիի Եւ Յարակից Գիւղերու Վրայ Յարձակումներ. Կոտորած Եւ Աւերածութիւններ

Յաջորդը

Սարսափ Եւ Զգուշութիւն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?