Լեհաստանի մէջ շարունակուեցաւ ծանրաբարձութեան երիտասարդներու եւ պատանիներու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներ ոսկի թէ արծաթ մետալներ շահեցան:
Պատանեկան հաւաքականի անդամ (20 տարեկանէն վար) Ալեքսանտր Լազարեան (102 քկ կշիռի) երկամարտի 347 քկ արդիւնքով ոսկի մետալ նուաճեց: Ան արաշէի մրցումին 145, 150 եւ 154 քկ կրցաւ բարձրացնել` շահելով փոքր պրոնզէ մետալ, մինչ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 186, 190 եւ 193 քկ բարձրացնելով փոքր ոսկի մետալ շահեցաւ եւ ընդհանուր երկամարտի հաշիւին` ոսկի մետալը շահեցաւ:
Աղջկանց պատանիներու հաւաքականի անդամ Ճուլիեթա Աւանէսեան 87 քկ կշիռի մրցումներուն ոսկի մետալ ձեռք ձգեց երկամարտի 235 քկ արդիւնք ձեռք ձգելով:
Աւանէսեան արաշէի մրցումներուն 108 քկ կրցաւ բարձրացնել` ձեռք ձգելով փոքր ոսկի մետալ մը, իսկ էփոլէ-ժըթէի մրցումին 127 քկ բարձրացնելով փոքր ոսկի մետալ մը եւս շահեցաւ:
Երիտասարդներու գերծանր կշիռի մրցումին, Հայաստան երկու ներկայացուցիչ ունէր` Պետրոս Պետրոսեանը եւ Եաշա Մինասեանը:
Պետրոսեան երկամարտի 384 քկ արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան եւ անշուշտ ոսկի մետալակիր: Եաշա Մինասեան երկամարտի 354 քկ արդիւնքով 7-րդ դիրքը գրաւեց:
Պետրոսեան 166 քկ կրցաւ բարձրացնել արաշէի մրցումին` շահելով փոքր պրոնզ մետալ, իսկ էփոլէ-ժըթէի մրցումին 218 քկ բարձրացնելով շահեցաւ փոքր ոսկի մետալ եւ երկամարտի 384 քկ հաշիւով դարձաւ ախոյեան:
Պատանիներու գերծանր կշիռի մրցումներուն, Աշոտ Մովսիսեան երկամարտի 359 քկ արդիւնքով դարձած է Եւրոպայի փոխախոյեան` շահելով արծաթ մետալը:
Աղջկանց մրցումներուն, Մերի Թովմասեան երկամարտի 220 քկ արդիւնքով իր կարգին դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` շահելով արծաթ մետալ:
Աւելի կանուխ, երիտասարդներու հաւաքականի անդամ Միլենա Խաչատրեան, 81 քկ կշիռի մրցումներուն արծաթէ մետալ շահած էր եւ դարձած Եւրոպայի փոխախոյեան: Խաչատրեան 218 քկ արդիւնք ձեռք ձգած է երկամարտին, արաշէի մրցումներուն (96 քկ) եւ էփոլէ-ժըթէի (122 քկ) մրցումներուն ալ փոքր արծաթէ մետալներ շահելով: