Այսօր տեղի կ՛ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 4-րդ շաբթուան առաջին օրուան մրցումները, որոնք վաղը կը շարունակուին:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն շատ տիտղոս շահած Ռէալ Մատրիտ (15 տիտղոս) պիտի հիւրընկալէ երկրորդ ամէնէն շատ տիտղոսակիր Ա. Սէ. Միլանը (7 տիտղոս):
Եթէ այս մրցումը տեղի ունենար 15 տարի առաջ, շատ աւելի հետաքրքրական կրնար ըլլալ, մանաւանդ որ իտալական կազմը նախկին փայլքը չունի եւ հին օրերու նիւթական անսահման պիւտճէն ալ չունի:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 4-րդ շաբթուան մրցումները.
ԱՅՍՕՐ
ՓՍՎ Այնտհովըն – Ժիրոնա
Սլովան Պրաթիսլաւա – Տինամօ Զաղրեպ
Սփորթինկ Լիզպոն – Մանչեսթըր Սիթի
Սելթիք – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Տորթմունտ – Շթուրմ Կրաց
Ռէալ Մատրիտ – Ա. Սէ. Միլան
Լիվըրփուլ – Պայեր Լեւերքուզըն
Լիլ – Եուվենթուս
Պոլոնիա – Մոնաքօ
ՎԱՂԸ
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Ասթոն Վիլա
Շախթիոր Տոնեցք – Եանկ Պոյզ
Ինթեր Միլան – Արսենալ
Պայերն Միւնիխ – Պենֆիքա
Կարմիր աստղ Պելկրատ – Պարսելոնա
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Շթութկարթ – Աթալանթա
Ֆեյենուրտ – Ռետ Պուլ Զալցպուրկ
Սփարթա Փրակա – Պրեսթ