Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (10). Ինչո՞ւ Օգնել Գաղթականներուն

November 4, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Անցնող օրերուն Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, Ազգային առաջնորդարանը եւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը լիբանանեան անապահով շրջաններէն տեղահանուած եւ Պուրճ Համուտի գաղթակայաններու մէջ հաստատուած քաղաքացիներուն նկատմամբ ցուցաբերեցին հոգատար վերաբերմունք եւ, կարելիութեան սահմաններուն մէջ ու կարիքներու համաձայն,  տրամադրեցին օժանդակութիւններ:

Նշեալ ծրագիրները պէտք է դիտարկել իբրեւ մարդասիրական ծառայութիւն եւ համաքաղաքացիներուն զօրակցելու առիթ, որպէսզի պատերազմի այս դաժան պայմաններուն մէջ կարելի ըլլայ յաղթահարել տագնապալի օրերը եւ անտուն մնացած լիբանանցիները նուազագոյն վնասներով շրջանցեն այս դժուարին փուլն ալ:

Լիբանանի հայութիւնը լաւապէս կը հասկնայ գաղթականներուն վիճակը, որովհետեւ մեր մեծ հայրերն ու մայրերը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք գաղթական պայմաններու մէջ ապրած են, իսկ տակաւին մօտիկ անցեալին հաւաքաբար ականատես դարձանք Արցախի հազարաւոր հայերու բռնագաղթին:

Ասկէ անդին, կատարուած ծառայողական աշխատանքներուն մէջ քաղաքական խորք, դաշինքներ եւ «ռազմավարական համաձայնութիւններ» փնտռելը անհեթեթութիւն է: Տակաւի՛ն, այս ծառայողական աշխատանքները շահագործելը, դրամագլուխի վերածելը եւ քաղաքականացնելը նոյնինքն գաղթականներու հաշուոյն անընդունելի է, որովհետեւ մարդասիրական գործունէութիւնը վեր է բոլոր նեղ շահերէն:

Այո՛, Իսրայէլի բարբարոսութիւններուն եւ անմարդկային ոճիրներուն ի տես, իւրաքանչիւր լիբանանցի պարտաւոր է ձեռք երկարելու որեւէ շրջանի մէջ ապրող եւ որեւէ համայնքի պատկանող քաղաքացիին, եւ ի հարկին` կիսելու հացը: Բոլոր լիբանանցիները պէտք է գիտնան, որ մէկ նաւու վրայ կը գտնուին, եւ երբ համոզուին, որ այս կամ այն ուժին թիրախաւորումը միջոց է, մինչ նպատակը Լիբանանի քայքայումն է` իրականացնելու իսրայէլեան ծաւալապաշտական ծրագիրը, այն ատեն միայն կը հաստատուի իսկական համակեցութիւնը եւ համերաշխութիւնը` հաւաքաբար դէմ կանգնելու ոտնձգութիւններուն եւ սպառնալիքներուն:

Վերջապէս, գաղթականներու օժանդակութիւններու կողքին, այսօր ժամանակն է, որ Լիբանանի հայութիւնը ներքին առումով ընդարձակէ ծառայողական աշխատանքները, համախմբէ ուժերն ու կարելիութիւնները, վերակազմակերպուի եւ ճշդէ նոր առաջնահերթութիւնները` հասնելու պատերազմին իբրեւ հետեւանք անգործութեան ու տագնապներու մէջ գտնուող հայ ընտանիքներու կարիքներուն` այն յոյսով, որ այս փուլը ամէնէն արագ միջոցին իր աւարտին կը հասնի, եւ կապոյտ երկինքէն կը հեռանան սեւ ամպերը` անշնչող սարքերը…

1 նոյեմբեր 2024

Նախորդը

Արամ Ա. Եզրափակեց Միացեալ Նահանգներ Կատարած Իր Հովուապետական Այցելութիւնը

Յաջորդը

Հորիզոն Եւ Հորիզոններ. «Հորիզոն»-ի 45-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.