Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հորիզոն Եւ Հորիզոններ. «Հորիզոն»-ի 45-ամեակին Առիթով

November 4, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Չեմ կրնար «Հորիզոն»-ի մասին գրել` առանց վերյիշելու մանկութիւնս, պատանեկութիւնս եւ երիտասարդութիւնս: Սա մեծ բախտաւորութիւն է, քանի որ հայ թերթին հետ առնչութիւնս հինէ՜ն սկսեր է ու յետոյ, ահա արդէն 45 տարի է, «Հորիզոն»-ի ճամբով շարունակուեր, ամրացեր է, անքակտելի է դարձեր:

Բայց ինչո՞ւ մանկութիւնս կը յիշեմ առաջին հերթին:

Հայրս ու մայրս, բայց մանաւանդ` մայրս, թերթի, գիրքի խենթ են եղած: Իրենք ալ վստահաբար այդ խենթութիւնը ժառանգած ըլլալու են իրենց ծնողներէն: Յատկապէս մօրենական մեծ հայրս` Նորատունկեան Մեսրոպը, իր ատենին բաժանորդագրուած է նախ Պոլսոյ «Մասիս»-ին, «Անահիտ»-ին, «Ծաղիկ»-ին եւ ուրիշ թերթերու, ապա Եգիպտոսէն` Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին: Ես չեմ տեսած զինք, բայց իր ձգած այդ ժառանգութիւնը` գեղեցիկ կաշեկազմ կողքերով, կը գտնուէր մեր ննջասենեակին մէջ, եւ հաւանական է, որ այդ կողքերուն վրայ ոսկետառ անունները տեւաբար աչքերուս առջեւ ունենալովս է, որ առաջին ծանօթութիւնս հաստատուած է հայկական այբուբենին հետ: Փակագիծի մէջ աւելցնեմ, որ «Հայրենիք»-ը շարունակած է օրհնել թէ՛ ծնողական տունս ի Գահիրէ, թէ՛ ալ յետոյ մեր տունը` ի Մոնրէալ, մինչեւ իր վերջի՛ն թիւը, եւ այդ հաւաքածոն հիմա մաս կը կազմէ «Հորիզոն»-ի հարստութեան:

Պատանութեանս արդէն «Յուսաբեր»-ն է, նաւասարդեաններու, մխիթարեաններու, լազեաններու եւ թաշեաններու գանձարանը, որ հետզհետէ պիտի գրաւէ ուշադրութիւնս, քանի որ մայրս` Անահիտը, գրական անունով` Արմէն Նայիրին, կանոնաւոր կ՛աշխատակցէր անոր, ու ամէն օր անհամբեր կը սպասէր անոր գալուն: Ցրուիչը զայն կը ձգէր մեր նամակատուփին մէջ, որուն բանալին մայրս զամբիւղով մը կ՛իջեցնէր վար դպրոցէն վերադարձիս, որպէսզի զայն բերեմ վեր, բայց նաեւ կը նեղանար, քանի որ չորս յարկ բարձրացած ատենս ես ալ կը բանայի ու «աչք մը կը նետէի» թերթին վրայ` փոխանակ անմիջապէս վազելով վեր տանելու զայն: Յետոյ արդէն ես ալ պիտի համարձակէի քանի  մը յօդուած տալ, 14 տարեկանէս սկսեալ, աւելի ուշ կանոնաւոր աշխատակցիլ, նոյնիսկ համալսարանը ուսանած շրջանիս մէկ կողմէ ալ խմբագրել անոր «Երիտասարդական շարժում» շաբաթական կամ երկշաբաթական էջը:

Քանատա գաղթելէ առաջ արդէն առնչուեր էի նաեւ Փարիզի մեր «Նոր սերունդ»-ի «Հայաստան» շաբաթաթերթին հետ:

Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ խմբագիրի առաջին քայլերս առեր եմ «Յուսաբեր»-էն առաջ` իմ յաճախած Գալուստեան ազգային վարժարանի «Հունձք» խմորատիպ պարբերաթերթին մէջ: Պարբերաթերթ, որուն «խմբագրութեան» անդամ նշանակուելովս է, որ սրեցաւ խմբագրելու ախորժակս…

Երբ 1966-ի աշնան հաստատուեցանք Մոնրէալ` տակաւին նոր աճող այս գաղթօճախը, Սուրբ Յակոբ եկեղեցին ունէր նոյնպէս խմորատիպ պարբերաթերթ մը` «Լրաքաղը», Երիտասարդական միութիւնը` նման «Շանթ»-ը, որոնց չափով մը սկսայ աշխատակցիլ, սակայն մեր գլխաւոր մամուլը «Հայրենիք»-ն էր, մանաւանդ որ թէ՛ կուսակցական առումով եւ թէ՛ թեմական` մենք մաս կը կազմէինք Հիւսիսային Ամերիկայի կառոյցներուն: Եւ Խաթանասեանի, ապա Թէօլէօլեանի խմբագրած «Հայրենիք»-ը երկար տարիներ եղաւ իմ բեմը:

Բայց եկաւ ատենը, որ ունենանք մեր ինքնուրոյն կազմակերպական-վարչական ժողովներն ու մարմինները, եւ բնականաբար պէտք էր ունենայինք նաեւ մեր սեփական մամուլը, մանաւանդ որ մեծաթիւ էին գրոց-բրոցները` թէ՛ Մոնրէալ եւ թէ՛ Թորոնթօ…

Չեմ կրնար մոռնալ, թէ ինչպէ՛ս մեզ այնքան խրախուսեց ու մղեց այն ատեն ՀՅԴ Բիւրոյի մեր շրջանի ներկայացուցիչ հանդիսացող բժ. Հրաչ Աբրահամեանը` մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն: ՀՅԴ Քանատայի 1977-ի մեր Շրջանային ժողովը տուաւ որոշումը մեր թերթը սկսելու, կազմուեցաւ յանձնախումբ` աշխատանքը կազմակերպելու համար:

Ամէն բան ծրագրուեցաւ, որդեգրուեցաւ անունն ալ` «Հորիզոն», որ նոյնանուն չորրորդ թերթը պիտի հանդիսանար կուսակցութեան տարեգրութեան մէջ, առաջինը` Թիֆլիս (1914-15), երկրորդը` Զմիւռնիա (1919-21) եւ երրորդը Սելանիկ (1928-1931): Այդ օրերու մեր այդ կազմակերպական աշխատանքին մասին թերեւս կարելի է առանձին հատոր մը գրել… Կազմեցինք նոյնիսկ թերթին մանրակերտը, յօդուածներու եւ այլ գրութիւններուն տեսակն ու քանակը, ծանուցումներու յատկացուելիք տարածքներուն համեմատութիւնը: Ձեռք ձգեցինք արուեստագէտներու ներդրումը` թերթին տեսքին վերաբերեալ: Ամէ՛ն ինչ: Սակայն գործը ճամբայ չելաւ, քանի որ խմբագիր չունէինք, մեր նկատի առած անձը Պէյրութէն գալիք էր, բայց չէր գար:

Արդար պէտք է ըլլալ խոստովանելու համար, որ եթէ չըլլար յամառ վճռակամութիւնը Զաւէն Ինճէճիկեանին (այդ օրերուն ինք անդամ էր Կեդրոնական կոմիտէին), մենք տակաւին երկար պիտի սպասէինք, որ հորիզոնը բացուէր մեր առջեւ: Ինք պատրաստակամութիւն յայտնեց ու խմբագրի պաշտօնը վստահուեցաւ իրեն` առժամաբար ու կամաւոր բնոյթով. գործի առնուեցան մասնաժամ օգնական մը եւ մասնաժամ շարագրող մը: Յանձնախումբի անդամներս մնացինք թերթին շուրջ եւ 1979 մայիս 28-ին լոյս տեսաւ առաջին թիւը: Երկու տարի չանցած` Զաւէնի սահմանափակ ժամանակն ու հնարաւորութիւնները այլեւս բաւարար չէին:

Անգամ մը եւս, ու միշտ սիրայօժար, երեք ընկերներով առաջարկեցինք գործը շարունակել մինչեւ խմբագրի ժամանումը: Սակայն հետզհետէ յստակացաւ, որ ոեւէ մէկը անկարգելով երկինքէն պիտի չիջնէր մեր խմբագրատունը, յստակացաւ նաեւ, որ մէկը փաստօրէն այդ դերը կը կատարէր արդէն…

Այդպէս էր, որ «Հորիզոն»-ի հետ նոյնանալս սրբագործուեցաւ:

Անկէ ետք ինչպէս զարգացաւ «Հորիզոն»-ը, ինչպէս նոր, երիտասարդ անձնակազմերով օժտուեցաւ, ինչպէս ճոխացաւ այլազան յաւելուածներով ու բացառիկներով եւ հասաւ առցանց հրապարակումներու ներկայ ժամանակաշրջանը` առանձնաբար ու մանրամասնօրէն գրուելու արժանի պատմութիւն է, բայց կրնամ անվարան ըսել, որ 11 տարի շաբաթաթերթին, իսկ 25 տարի ալ գրական յաւելուածին խմբագրին գլխարկներով, յետոյ մինչեւ օրս այլեւս առանց որեւէ գլխարկի` աշխատակցութիւնս կեանքիս ամէնէն յանկուցիչ, ամէնէն երջանկացնող տարիներս հանդիսացան ու կը հանդիսանան:

Շնորհակալութի՛ւն, սիրելի՛դ իմ «Հորիզոն»:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (10). Ինչո՞ւ Օգնել Գաղթականներուն

Յաջորդը

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին Արդիւնքները

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.