«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Ֆինիքս Սանզ երէկ Լոս Անճելըսի մէջ 125-119 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Քլիփըրզի դէմ: Քլիփըրզ մրցումին առաջին կէսը շատ լաւ կը խաղար եւ 21 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունէր, սակայն Սանզ վերջին 5 վայրկեաններուն Տեւըն Պուքըրի 3 կէտնոց կողովներով ոչ միայն հասաւ Քլիփըրզին, այլեւ անցաւ անոր: Ճէյմս Հարտըն 25 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ կատարեց թրիփըլ տապըլ իրագործելով», սակայն բաւարար չեղաւ լաւ կազմակերպուած Սանզի դէմ, որ Բ. կիսախաղին 73 կէտ նշանակեց:
Պուքըր 40 կէտ նշանակեց, մինչ Քեւըն Տիւրենթ 18 կէտ եւ Ռոյս Օ՛նիլ 21 կէտ աւելցուցին ի նպաստ Ֆինիքսի, որ 5 մրցումներու ընթացքին իր 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց` կրկնելով քանի մը օր առաջ Քլիփըրզի «Ինթուեթ Տոմ»-ի մարզահամալիրին մէջ արձանագրուած իրագործումը:
Տալաս Թեքսասի «Ամերիքըն Էրլայնզ Սենթըր» մարզահամալիրին մէջ չկրցաւ ուրախ պահել իր 20 հազար համակիրները, երբ մրցումի սկիզբէն չկրցաւ զսպել Հիւսթըն Ռոքեթցի «հրթիռային» ելոյթը: Հակառակ Տալասի վերջին մասի սխրագործութիւններուն, Հիւսթըն կրցաւ պահել իր առաւելութիւնը եւ յաղթական վերադարձաւ 108-102 արդիւնքով:
Տոնչիչ-Քայրի զոյգը յաջորդաբար 29 եւ 28 կէտեր նշանակեցին, սակայն Հիուսթընի խմբային խաղը աւելի արդիւնաւէտ էր: Ճէյլըն Կրին (23 կէտ եւ 12 ռիպաունտ), Տիլըն Պրուքս (17 կէտ), Ալփերեն Շենկիւն (17 կէտ, 12 ռիպաունտ), Թարի Իսթըն (15 կէտ) եւ Ճապարի Սմիթ (14 կէտ) եղան ռոքեթցի լաւագոյնները:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ 106-88 արդիւնքով յաղթեց Եութա Ճեզի դաշտին վրայ: Ասիկա Եութայի 5-րդ յաջորդական պարտութիւնն էր, եւ ան տակաւին կը մնայ առանց յաղթանակի:
Ֆրանսացի «հսկայ» Վիքթոր Ուեմպանեամա 25 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Եութայէն ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկը Ճոն Քոլինզն էր (14 կէտ եւ 11 ռիպաունտ):
Միլուոքի Պաքս իր կարգին ձախող ձեւով սկսած է տարեշրջանը եւ կրեց իր 4-րդ պարտութիւնը 5-րդ մրցումին, Մեմֆիսի մէջ, 122-99 արդիւնքով:
Եաննիս Անթեթոքումփօ 37 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, սակայն «մէկ ձեռքով ծափելը կարելի չէ…»: Ճա Մորենթ թրիփըլ տապըլ իրագործեց ի նպաստ Մեմֆիս Կրիզլիզի` նշանակելով 26 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 14 էսիսթ:
Ստորեւ` արդիւնքները.
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Միլուոքի Պաքս 122-99
Տալաս Մեւրիքս – Հիւսթըն Ռոքեթց 102-108
Եութա Ճեզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 88-106
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆինիքս Սանզ 119-125