Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեանի Համաձայն. Երեւանի Թիւ Մէկ Առաջնահերթութիւնը Հայաստանի Շուրջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Ապահովումն Է

November 1, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 31 հոկտեմբերին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Երեւանի օրակարգին վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի հակամարտութեան հարցեր գոյութիւն չունին:

«Ինչպէս արդէն ըսած եմ` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը Հայաստանի շուրջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումն է, ասոր ուղղութեամբ մեր ջանքերը կը գործադրուին, ինչ որ կ՛ենթադրէ նաեւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց», յայտարարեց Միրզոյեան` պատասխանելով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի այն հարցումին, որ արդեօք արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման հարց արտաքին գործոց նախարարութեան օրակարգին վրայ կա՞յ:

«Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ունի քանի մը նիւթական արտայայտութիւն` խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան վերջնականացում ու ստորագրում, ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակում, սահմաններու սահմանազատման գործընթաց, իսկ  Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն երբ կ՛ըսէք, մենք կը հասկնանք ամբողջ հակամարտութիւնը:

«Հիմա ես բան մը կը հասկնամ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն ըսելով, դուք կրնաք մէկ այլ բան հասկնալ, մենք այս պահուն կը զբաղինք անով, որուն մասին ես խօսեցայ, այդ զբաղուելիքը Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է», շեշտեց արտաքին գործոց նախարարը:

Ռուստամեան նաեւ հետաքրքրուեցաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարց արդեօք կա՞յ արտաքին գործոց նախարարութեան օրակարգին վրայ. ի պատասխան Միրզոյեան ըսաւ, որ ատիկա իրենց թիւ մէկ առաջանահերթութիւնը չէ: «Պատմութեան ողբերգական անցքերը, Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրելը կամ ատիկա թիւ մէկ առաջնահերթութիւն դարձնելը արտաքին գործոց նախարարութեան օրակարգ չեն», նշեց Միրզոյեան:

Արմէն Ռուստամեանն ալ հակադարձեց, որ ինք կը խօսի այն հարցերուն մասին, որոնք կառավարութեան ծրագիրին մէջ ամրագրուած են եւ հարցուց` «հիմա դուք ձեր ծրագիրը պիտի իրականացնէ՞ք, թէ՞ ոչ»:

Միրզոյեան արձագանգեց. «Պարզ է, որ գրուած է, բայց աշխարհը, յատկապէս այս հինգ տարուան ընթացքին, այնպիսի սրընթաց փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի, այնպիսի երկիրներ իրարու հետ կը պատերազմին, իրարու հետ կը հաշտուին, ինչպէ՞ս կրնան այդպիսի գործընթացներէ առաջ գրուած բառերը նոյն ուժն ու կիրարկումը ունենալ արդէն փոփոխութեան ենթարկուած աշխարհին մէջ: Սա ուժաբանական բան է»:

 

Նախորդը

Արեան Տուչութեան Արշաւ` Պուրճ Համուտի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.