Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Փորել Վրաստանին վերջնագիր ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար` չեղեալ յայտարարելու «Ընտանեկան արժէքներու մասին» օրէնքը:
Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարին հաճելի չէ եկած նաեւ օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնքը:
Պորել նաեւ յայտարարած է, որ կարելի չէ Ռուսիոյ հետ սերտ յարաբերութիւններ ունենալ եւ անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան:
«Վրաստանին կ՛առաջարկենք որոշակի ծրագիր` չեղեալ նկատել «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքը», նշած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը: