Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին վստահեցուցած է, թէ Մոսկուան իր դիրքորոշումը չէ փոխած եւ կը շարունակէ Ալասքայի վեհաժողովի ընթացքին գոյացած հոլովոյթը:
Լաւրով Եթովպիոյ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Թիմոթիոսի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Ուքրանիոյ մէջ անմիջական զինադադարը կը նշանակէ, թէ այդ երկրին մեծամասնութիւնը պիտի մնայ նացիներու վերահսկողութեան տակ»:
«Ռուպիոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կացութիւնը քննարկեցինք, եւ թէ ներկայիս ինչպէ՛ս կը թուի եւ ինչպէ՛ս կրնանք պատրաստել Ռուսիոյ ու Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ սկզբունքային կերպով համաձայնեցուած ժողովը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը առաջարկեց գումարել Պուտափեշտի մէջ», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
«Համաձայնեցանք շարունակելու հեռաձայնային այս հաղորդակցութիւնները, որպէսզի աւելի լաւ հասկնանք, թէ ո՛ւր ենք եւ ինչպէ՛ս կրնանք ճիշդ ուղղութեամբ ընթանալ», ըսաւ Լաւրով:
«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` ռուսական զինուորական գործողութիւնը սկսելու գլխաւոր պատճառներէն մէկը Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի դաշինքին միացման պատրաստութիւնն էր», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
«Գործողութիւնը պիտի իրագործէ իր նպատակները եւ անկասկած յաջողութեամբ պիտի աւարտի», շեշտեց Լաւրով:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ «մօտիկ ապագային» Թրամփի եւ Փութինի միջեւ վեհաժողով գումարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին:
Յիշեցնենք, որ Թրամփ քանի մը օր առաջ ակնարկած էր Պուտափեշտի մէջ Փութինի հետ երկրորդ ժողով մը գումարելու կարելիութեան:
Ամերիկացի պաշտօնատարը նշեց, որ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ ուղղակի ժողով գումարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին:
Ան աւելցուց, որ երկուշաբթի օր երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը «արդիւնաւէտ էր»: