Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը Մառնէուլիի շրջանին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ քուէաթղթիկները քուէատուփի մէջ լեցնելու համար մեղադրած է երկու անձ: Ձերբակալուածները կրնան մինչեւ երկու տարի բանտարկուիլ: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Փուպլիքա» կայքը:
«Հետաքննութիւնը պարզած է, որ Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ Մառնէուլիի քաղաքապետութեան Սատհուլի գիւղի թիւ 69 ընտրատեղամասին մէջ մեղադրեալը, խախտելով օրէնքը, քուէաթերթիկներ լեցուցած է քուէատուփին մէջ», կը նշուի ներքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Տուեալ ընտրատեղամասին մէջ քուէարկութեան արդիւնքները չեղեալ նկատուած են: